ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Պի.Պի.Սի.».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Իսրայէլացի ոստիկանի մը հետ բանավէճ ունեցաւ 23 Յունուարին, երբ այցելեց Երուսաղէմի մէջ ֆրանսական Սենթ Անն եկեղեցին։ Ֆրանսայի նախագահը Երուսաղէմ կը գտնուէր՝ մասնակցելու համար Ողջակիզման համաշխարհային 5րդ խորհրդաժողովին։
Երբ ոստիկան մը արգելք ըլլալ ուզեց Մաքրոնի եկեղեցի մտնելուն, Մաքրոն յանդիմանեց ոստիկանը եւ՝ «խնդրե՛մ, դո՛ւրս ելէք» ըսաւ անոր, ու աւելցուց, որ ինք չախորժեցաւ անոր կեցուածքէն. կանոնները ամէն մարդ գիտէ։ Մաքրոն աւելցուց նաեւ, որ իրեն համար պիտի չփոխուին այն կանոնները, որոնք կը գործադրուին հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր։
Խաչակիրներուն օրերուն կառուցուած Երուսաղէմի նշեալ եկեղեցին ֆրանսական հողամաս կը նկատուի մինչեւ այսօր։