ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի աւանդական Գոհաբանութեան ձեռնարկը՝ ի նպաստ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին տեղի ունեցաւ 8 Նոյեմբերի երեկոյեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Մոնթեպելլոյի գաղութին ներկայացուցիչները, վարժարանին ծնողները, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն եւ անշուշտ յայտագիրին մասնակցող աշակերտները:
Հանդիսավար Մարկօ Օհանեան իր բացման խօսքով բացատրեց, որ Գոհաբանութեան այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Մեսրոպեան վարժարանի տարեկան ծախսերուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Նայիրի» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, որոնք Անճելա Սաւոյեանի եւ Սօսի Ֆերմանեանի համաատենապետութեամբ ընթրիքը պատրաստած էին եւ ճիգ չէին խնայած ձեռնարկին յաջողութեան համար:
Հեղինէ Հարպոյեանի կատարողութեամբ հնչեցին Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները:
Ապա հանդիսավարը հրաւիրեց «Նայիրի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնա Ֆնտքեանը՝ իր պատգամը տալու։ Ընկերուհին թուեց այն իրագործումները, որոնց համար բոլորս երախտապարտ ենք՝ Շաբաթօրեայ վարժարանը, մանկամսուրը, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի համար տարուած ճիգերը: Ան համահայկական ուրախութեան առիթ նկատեց Ներկայացուցիչներու տան հաստատած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 296 բանաձեւը։
Այնուհետեւ ընթացք տրուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցչական կազմին կողմէ խնամքով պատրաստուած յայտագիրին: Հանդիսավարը հերթով բեմ հրաւիրեց վարժարանին աշակերտները, որոնք ներկաներուն հրամցուցին հետեւեալները.
– Ասմունք՝ «Երբ Այն Օրերուն Երեխայ էի», Արին Սաւոյեան.
– Զուգապար՝ «Վրացական», Սանտրա եւ Լիանա Փափազեան քոյրերը.
– Խմբային ասմունք՝ «Հայրենիքիս Հետ», Քաթրին Սարգիսեան, Լորէն Հոթոյեան, Զաւէն Սաւոյեան եւ Արմէն Պապիկեան.
– Ժողովրդային երգերու շարան մը, 9րդ դասարանի աշակերտները.
– Ասմունք՝ Յ. Թումանեանի «Շուննն ու Կատուն», Ալիք Արթինեան։
Այս տաղանդաւոր աշակերտներուն բացառիկ ելոյթները ծափողջոյններով քաջալերուեցան ներկաներուն կողմէ։ Երգերը ղեկավարեց Արէգ Գրիգորեան:
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ հրաւիրուեցաւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանը, Գոհաբանական սեղանը օրհնելու:
Ներկաներուն սպասարկուեցան մասնաճիւղէն ընկերուհիներու կողմէ խնամքով եւ սիրով պատրաստուած ճաշերը: Մթնոլորտը աւելի տօնական դարձաւ, երբ ընկերուհիները պարով սրահ բերին աւանդական Ղափաման:
Վիճակահանութեան նուէրները, որոնք տրամադրուած էին մասնաճիւղէն ընկերուհիներու կողմէ, արագ կերպով սպառեցան:
«Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ գնահատուեցան յանձնախումբին ընկերուհիները՝ ծաղկեփունջերով:
Գոհաբանութեան այս ձեռնարկին յաջողութիւնը աւելի գօտեպնդեց «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամները՝ շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը եւ ազգօգուտ գործը, մասնակցելով ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի ծրագիրներուն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի եւ Սուրիոյ մէջ:
(Թղթակցութիւնը՝
«Նայիրի» մասնաճիւղէն)