ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Տարեվերջի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան յայտարարեց, որ Հայաստանի Համախառն ներքին արտադրութեան (ՀՆԱ) հետ բաղդատած Հայաստանի պետական պարտքին ծաւալը այս տարուան աւարտին աւելի քիչ պիտի ըլլայ, քան նախատեսուածը, իսկ 2020ի վերջաւորութեան կառավարութեան պարտքին ծաւալը, ՀՆԱի յարաբերակցութեամբ՝ պիտի ըլլայ 48.2 տոկոս:
Պարտքի այս նուազումին պատճառներուն մասին խօսելով՝ ան յիշեց հիմնական երկուքը. առաջին՝ ՀՆԱի աշխոյժ աճը, որ այս տարուան տասը ամիսներուն կազմած է շուրջ 7 տոկոս, երկրորդ՝ վարկային միջոցներով ծրագիրներու իրականացման ցուցանիշի նուազումը:
Այժմ, պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Հայաստանի պետական պարտքը կը կազմէ 7.1 միլիառ տոլար, որուն 514 միլիոն տոլարը Կեդրոնական դրամատան պարտքն է, իսկ 6.6 միլիառը՝ կառավարութեան: Այս պարտքի 1.5 միլիառ տոլարը ներքին պարտքի մասնաբաժինն է, իսկ 5.1 միլիառ տոլարը՝ արտաքին:
Տուեալ ցուցանիշին, ըստ նախարարութեան կանխատեսման, պէտք է հասնէին 2023ին, սակայն այժմ կրճատումը տեղի կ՛ունենայ արագ կշռոյթով:
10 Դեկտեմբերին նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան հանդիպում ունեցաւ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Նաթան Փորթըրի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։ Անոնք անդրադարձան համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն եւ քննարկեցին ոլորտային ռազմավարութիւններու մշակման եւ անոնց ներդաշնակեցման միջոցով սահմանուող առաջնահերթութիւնները ու հետագայ գործակցութեան ուղղութիւնները:
Ատոմ Ջանջուղազեան ներկայացուց 2020ի պետական պիւտճէի շարք մը ցուցանիշներ եւ կանխատեսումներ՝ նշելով, որ անոնք կազմուած են ընթացիկ տարուան պիւտճէի արդիւնքներուն հիման վրայ: Նախարարը կարեւոր նկատեց Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին հետ իրականացուող ծրագիրները եւ վերջինին օժանդակութիւնը՝ կարողութիւններու զարգացման պարունակին մէջ: