ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ Հայաստանի համար վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ գիտութեան, կրթութեան, արհեստագիութեան, առողջապահութեան եւ տնտեսութեան ներկայ իրավիճակին նուիրուած քննարկում մը, որուն միջոցաւ շեշտը պիտի դրուի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարելիութիւնները սերտացնելու ջանքերուն վրայ:
Քննարկումին պիտի մասնակցին «Արփա» հիմնարկին Հայաստանի գրասենեակի նոր գործադիր վարիչ Պարգեւ Իսկիկեան, տոքթ. Շանթ Շխրտմեան եւ դոկտ. Յակոբ Փանոսեան։
Պիտի հրամցուի հայկական թէյ եւ անուշեղէն։
Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Պուլղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 453-0618 թիւին կամ info@ARPAInstitute.org հասցէին: