ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի կինը՝ Փալմիրա Փերեզ Նաճարեան, որ լրագրող է սպանախօս «Ունիվիզիոն» Ծովածոցի շրջանի կայանին, վերջերս արժանացաւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ տեղական երեք «Էմի» մրցանակներու։ Ան թեկնածու էր 10 մրցանակներու։
Ան տարբեր առիթներով նաեւ Հայաստան եւ Արցախ այցելած է եւ հարցազարոյցներ կատարած տեղւոյն քաղաքական ղեկավարներուն հետ։