ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ պատմաբան Թալին Սիւճեան պիտի ներկայացնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի արխիւներէն իր յայտնաբերած հետաքրքրական դատի մը մասին, որ 1856ին բացուած էր հայ կնոջ մը կողմէ, որ կը պնդէր, թէ յղի դարձած է իր մօրեղբօր կամ հօրեղբօր կողմէ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։