ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը եւ Համահայկական ուսանողական միութիւնը ողջունեցին թիւ 1320 բանաձեւին ստորագրութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ, որ օրէնքի ուժ տուաւ նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջադրութեան։
Օրէնքը կ՛արգիլէ յատկապէս Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ Cal-STRS) որեւէ նոր ներդրումներ կամ ներդրումներու նորոգութիւն կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող կամ անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ աղերս ունեցող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ:
Նաեւ, երբ դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ այս գծով որոշում մը տրուի, նահանգային մարմիններ պէտք է ամբողջութեամբ ետ քաշեն իրենց ներդրումները, որոնք 77էն 350 միլիոն տոլարի միջեւ կը գնահատուին։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն քայլը Դեկտեմբեր 2015ին մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Համահայկական ուսանողական միութիւններուն կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ: