ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 1 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի «Թուֆէնքեան» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, «Արմատներ» կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը սփիւռքահայ գրող, համաշխարհային ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտ, ճանապարհորդ Վահան Զանոյեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին, Վահան Զանոյեան անդրադարձաւ գրականութեան ու քարիւղին: Անոր խօսքով՝ աշխարհի մէջ չկայ երկիր մը, որ քարիւղի եկամուտներով յաղթէ որեւէ պատերազմ:
«Քարիւղով հարուստ երկիրները պատերազմի ընթացքին միշտ ահռելի կորուստներ կը կրեն: Տնտեսական զարգացում չի կրնար ապրիլ այն երկիրը, որ կ՛ապաւինի միայն քարիւղի եկամուտներուն: Քարիւղը անէծք է, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ Հայաստանն ու Արցախը քարիւղ չունին եւ երբեք ճնշուած չեն զգար, որուն համար շնորհակալ ենք Աստուծոյ», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով գրականութեան՝ ան նշեց, որ ստեղծագործելու սկսած է երիտասարդ տարիքէն եւ առաջին ստեղծագործութիւնները տպագրուած են լիբանանեան ամսագիրի մը մէջ:
«Սկիզբը կը գրէի միայն բանաստեղծութիւններ: Բանաստեղծական իմ առաջին ժողովածուն՝ «Վերադարձ» վերնագիրով հրատարակուած է արեւմտահայերէն ով եւ արեւելահայերէն, երկրորդը՝ «Եզրէն Դուրս» ժողովածուն՝ միայն արեւմտահայերէնով: Ինծի համար երկու լեզուներն ալ հոյակապ են եւ կարելի չէ անտեսել անոնցմէ որեւէ մէկը: Արեւմտահայ գրականութիւնը բազմաթիւ գոհարներ ունի, խորհուրդ կու տամ անպայման ուսումնասիրել զանոնք: Այնուհետեւ, հրատարակած եմ պատմուածքներ, ուր անդրադարձած եմ սեռական թրաֆիքինկին (վաճառքի-Խմբ.): Անիկա անընդունելի մարդկային աղէտ է եւ ուրախալի է այն փաստը, որ այժմ աշխարհի մէջ բաւական քիչ են նման երեւոյթները: Վերջերս աւարտած եմ «Հայաստանի Եւ Արցախի Գինիի Վերածնունդի Պատմութիւնը» գիրքը, որ շուտով պիտի յանձնեմ ընթերցողիս դատին: Ինծի համար գինին ծնած է Հայաստանի մէջ՝ իմ հայրենիքիս, Վայոց Ձորի մէջ, եւ ես կրնամ վստահ ըսել, որ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան գինի ունինք», ըսաւ ան:
Հանդիպումին աւարտին գրողը շնորհակալութիւն յայտնեց «Թուֆէնքեան» հիմնարկին՝ հանդիպումը կազմակերպելուն համար: