ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շիքակոյի Նորթ Ուապաս պողոտայի Քանըրզ այգին կը շարունակէ հայկականանալ։ Այս մասին կը գրէ «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթը՝ նշելով, որ Շիքակոյի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան հովանաւորութեամբ, նաեւ «Պիզնըս-Հայաստան» ծրագիրին նախաձեռնութեամբ եւ տեղւոյն հայ համայնքին աջակցութեամբ՝ տակաւին տարի մը առաջ այս այգիին մէջ զետեղուած էին յատուկ նստարաններ, որոնք պատրաստուած էին Հայաստանի մէջ եւ իրենց վրայ ունէին «Շիքակօ-Երեւան» գրութիւնները, եւ կրկնօրինակն են Երեւանի եւ Արցախի փողոցներուն մէջ զետեղուածներուն։
Վերջերս կեանքի կոչուեցաւ նոր ծրագիր մը եւս. այգիին մէջ զետեղուեցան ցուցատախտակներ, որոնք ուղղութիւնները ցոյց կու տան Շիքակոյէն դէպի աշխարհի զանազան քաղաքներ հեռաւորութիւնները։ Այս ցուցատախտակներուն մէջ Լոնտոնի, Փարիզի, Հռոմի, Լոս Անճելըսի եւ Ուաշինկթընի կողքին կարելի է տեսնել նաեւ Երեւանի ցուցատախտակը։ Ցուցատախտակը ցոյց կու տայ որ Երեւան կը գտնուի 6060 մղոն հեռաւորութեան վրայ։
Շիքակոյի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Օսքար Թաթոսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ասիկա շարունակութիւնն է այն գործին, զոր իրենք սկսած են նստարաններու զետեղումով։
«Ասով մենք բոլորին ցոյց կու տանք, որ աշխարհը շատ փոքր է եւ կը խրախուսենք, որ ամերիկացիներ այցելեն Հայաստան», ըսաւ Թաթոսեան։
Հիւպատոսութեան խորհրդական Պարոյր Սարգսեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ եթէ նոյնիսկ անցորդներ չեն լսած Երեւանի մասին, տեսնելով ցուցատախտակը, պիտի հետաքրքրուին, տեղեկութիւն պիտի փնտռեն՝ ծանօթանալով Երեւանին։
Ցուցատախտակներուն բացման արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ տեղւոյն Սիսակ Վարժապետեան դպրոցին պարախումբը։
Նշենք, որ Այգին յայտնի է նաեւ «Արկօ» թէյի վաճառատունով։ Այս վաճառատունը բացուած է հայ եւ ամերիկացի երկու գործարարներու կողմէ 2003ին եւ անունուած է «Սթարպաքս օֆ Թիզ»։