6 Հոկտեմբերին մեծ շուքով բացուած յայտարարուած Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին պաշտօնական բաժինը սկսաւ 7 Հոկտեմբերին, Երեւանի Կարէն Դէմիրճեան մարզական-համերգային համալիրին մէջ, եւ ընթացքին խօսք առին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Յառաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահ, «WCIT 2019» կազմակերպչական կոմիտէի նախագահ Ալեքսանդր Եսայեան: «Ապակեդրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ» խորագիրը կրող ժողովին կը մասնակցին 70 երկիրներէ աւելի քան 2500 առաջնորդներ, նորարարներ, քաղաքական գործիչներ, հետազօտողներ, արուեստի եւ «շօ պիզնըս»ի ներկայացուցիչներ։
Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց, որ նման ժողով մը կը գումարուի Հայաստանի մէջ՝ զայն նկատելով լաւ առիթ ներկաներուն եւ անոնց միջոցով միջազգային հանրութեան հետ խօսելու Հայաստանը բարձր արհեստագիտութեան, արդիւնաբերական երկիր դարձնելու պետութեան ռազմավարութեան մասին:
«Ես յոյս ունեմ, որ մեր երկրում անցկացրած մի քանի օրերի ընթացքում դուք կը զգաք այն նոր էներգիան (ուժ-Խմբ.) եւ մթնոլորտը, որ մեր երկրին համակել է նախորդ տարի Հայաստանում տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնից յետոյ: Ուզում եմ ընդգծել, որ այդ յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ ապակենտրոնացման միջոցով, ինչի արդիւնքում Հայաստանն համաշխարհային քարտէզի վրայ դարձաւ ժողովրդավարութեան կենտրոն», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ քաղաքական յեղափոխութենէն ետք ներկայիս Հայաստան կը գտնուի տնտեսական յեղափոխութեան շրջափուլին մէջ, որ նոյնպէս տեղի կ՛ունենայ ապակեդրոնացման շնորհիւ, որովհետեւ կառավարութիւնը տնտեսական յեղափոխութեան հիմնական միջոց կը նկատէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի անհատական ջանքը, անհատական նախաձեռնութիւնը, զոր ան կը կատարէ ոչ թէ կառավարութեան հրահանգներով, այլ իր անձնական որոշումներով, իր անձնական նպատակներով, իր անձնական ձգտումներով:
Վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստան տպաւորիչ տնտեսութիւն կ՛արձանագրէ բոլոր մարզերուն մէջ։ «Այս ամէնը մեզ վստահութիւն է տալիս ասելու, որ տեղի ունեցող տնտեսական յեղափոխութիւնն իր հերթին կը յանգեցնի տեխնոլոգիական յեղափոխութեան: Մենք կը կարողանանք Հայաստանը դարձնել տեխնոլոգիական նորարարական առաջատար երկրներից մէկն աշխարհում՝ իսկական տեխնոլոգիական կենտրոն», աւելցուց ան։
Ան հաստատեց, որ այս նպատակը հասանելի եւ իրատեսական կը թուի նաեւ այն պատճառով, որ հայ ժողովուրդի բազմաթիւ զաւակներ արհեստագիտական հանրայայտ նորարարութիւններու հեղինակներ են՝ նշելով այդ անձնաւորութիւններն ու անոնց գիւտերը։
Հայաստանի վարչապետին համաձայն՝ տեղեկատուական արհեստագիտական ոլորտը վերջին 7 տարիներուն աճած է շուրջ հինգ անգամ եւ ամէն տարի կայուն 20-25 տոկոսի աճ կ՛արձանագրուի, նաեւ շնորհիւ այն դիւրութիւններուն, զորս կու տայ պետութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ կրթութիւնը չափազանց կարեւոր կը նկատուի՝ մանկապարտէզէն մինչեւ բարձրագոյն մասնագիտացում։ Վարչապետին համաձայն՝ Հայաստան կրնայ դառնալ դրախտ տաղանդաւոր մարդոց համար: «Ինչպէս երկար տարիներ աշխարհի տարբեր երկրներ սեփական տաղանդը զարգացնելու, կրթութիւն ստանալու, յայտնագործութիւն կատարելու հնարաւորութիւն են տուել Հայոց Ցեղասպանութիւնից փրկուած մեր հայրենակիցների, որոնք դարձել են համաշխարհային նշանակութեան նորարարութիւնների հեղինակներ, այնպէս էլ հիմա ազատ եւ զարգացող ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութիւնը դառնում է աւելի գրաւիչ երկիր տեխնոլոգիական, կրթական, նորարարական ներդրումների համար», աւելցուց ան։