ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
\24-30 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովի տարեկան նստաշրջանը: Մասնակցողները ՄԱԿի անդամ պետութիւններու ղեկավարները եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներն էին, որոնց շարքին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով: Զարմանալի է, որ կը բացակայէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ մեծ սխալ մը անոր կողմէ…
24 Սեպտեմբերին, առաջին ելոյթ ունեցողը Էրտողանն էր: Ճառելէ ետք արդարութեան եւ հաւասարութեան վեհ գաղափարներէն, որոնք մնայուն կերպով կը խախտուին Թուրքիոյ մէջ, Էրտողան անգամ մը եւս բողոքեց, որ Թուրքիա ներկայացուած չէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու (Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Չինաստան եւ Ռուսիա) շարքին մէջ, երկիրներ, որոնք ունին վեթոյի իրաւունք: Թուրքիա նման առանձնաշնորհեալ ակումբի մը մէջ ընդունելէ շատ առաջ, պէտք է առաջնահերթութիւն տրուի Հնդկաստանի, Պրազիլիոյ եւ, թերեւս ալ՝ Գերմանիոյ: Էրտողան նաեւ խեղաթիւրուած ներկայացուց Թուրքիան՝ իբրեւ այն երկիրը, որ «առաջին եւ ծանր հարուածը հասցուց» Սուրիոյ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն: Իրականութեան մէջ, Թուրքիա եղած է «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներու ամէնէն մեծ զօրակիցը…: Զարմանալի է, որ Էրտողան կը մեղադրէ յոյն կիպրացիները այն բանին համար, որ Թուրքիա կը շարունակէ բռնագրաւել Հիւսիսային Կիպրոսը: Ան նաեւ քննադատեց Իսրայէլը՝ պաղեստինցիներուն նկատմամբ ցուցաբերած վատ վերաբերումին համար:
Անդրադառնալով Կովկասին՝ Էրտողան յայտարարեց. «Անընդունելի է, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր յարակից շրջանները, որոնք ատրպէյճանական տարածք են, տակաւին գրաւուած են՝ հակառակ ընդունուած (ՄԱԿի) բանաձեւերուն»:
25 Սեպտեմբեր 2019ին, ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ դատապարտելով Ատրպէյճանը «Լեռնային Ղարաբաղի» (Արցախ) հակամարտութիւնը լուծելու դժկամութեան յանցանքով: Ան ըսաւ, որ հակամարտութեան լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, Փաշինեան յայտարարեց, որ «հրաժարելով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, բացայայտօրէն աջակցելով Ատրպէյճանին, ընդդէմ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ ապահովութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովուրդին համար, որ վերապրած է Ցեղասպանութեան խոր ողբերգութիւնը եւ կը շարունակէ բախիլ ճշմարտութեան ու արդարութեան դաժան ժխտումին»:
28 Սեպտեմբեր 2019ին, ելոյթ ունենալով ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց. «Միջազգային հանրութիւնը եւ սեփական ժողովուրդը մոլորութեան մէջ ձգելու անօգուտ փորձերու վրայ ժամանակ վատնելու փոխարէն, Հայաստան պէտք է հրաժարի ներկայ անկայուն կացութիւնը երկարաձգելէ եւ բարեխղճօրէն կատարէ միջազգային իր պարտաւորութիւնները»: Որքան շուտ Հայաստան հրաժարի իր «յարձակողական եւ թշնամական քաղաքականութենէն տարածաշրջանի մէջ», այնքան աւելի լաւ կը յաղթահարէ իր «լուրջ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բեռը», ըսաւ Մամետեարով:
ՄԱԿի հայ պատուիրակը օգտուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Մամետեարովի ելոյթին իր «պատասխանի իրաւունքէն՝ մեղադրելով զայն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աղաւաղելու յանցանքով: Հայաստանի ներկայացուցիչը այնուհետեւ յիշատակեց 1988ին Ատրպէյճանի հայերու կոտորածներուն մասին, Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ: Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք Ատրպէյճանի մաս չէ կազմած:
Այնուհետեւ, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը իր կարգին արձագանգեց իր «պատասխանի իրաւունքով»: Հայ եւ ատրպէյճանցի պատուիրակները հանդէս եկան շարք մը դիտողութիւններով՝ պատասխանելով միմեանց մեղադրանքներուն:
Իսկ այդ ընթացքին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանեահու դժգոհեցաւ ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովին Իսրայէլի վերաբերեալ Էրտողանի քննադատութենէն՝ խիստ դատապարտելով զայն, կը տեղեկացնէ Jerusalem Post թերթը։ «Վարչապետ Նեթանեահու քննադատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ զայն կոչելով ստախօս եւ ըսելով, որ «ան, որ չի դադրիր Իսրայէլի մասին ստելէ, որ իր երկրին մէջ քիւրտեր կը սպաննէ, որ կը հերքէ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացած սարսափելի ոճրագործութիւնները, ան չէ այն անձը, որ պէտք է խրատներ տայ Իսրայէլի»:
Նեթանեահուի մեկնաբանութիւնները երբեք չգոհացուցին համայն հայութիւնը, որ նոյն այս Նեթանեահուի ղեկավարութեամբ է, որ Իսրայէլ մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը եւ արգելափակեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քնեսեթի (խորհրդարանի) կողմէ: Նեթանեահուի խօսքերը ընդունուեցան իբրեւ պարզապէս անպարկեշտ փորձ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ միջոց օգտագործելու՝ Էրտողանը հարուածելու համար, մինչդեռ Իսրայէլ ի՛նք չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ասիկա Նեթանեահուի կեղծաւորութեան գագաթնակէտն է…
Ինչպէս բազմաթիւ անգամ նշած եմ, Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը ղեկավարութիւն, պէտք է առաջին երկիրը ըլլար, որ ընդունէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ ոչ թէ վերջինը: Ուշացած այս փուլին, եթէ նոյնիսկ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անիմաստ քայլ մը կ՛ըլլայ, քանի որ տասնեակ երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ արդէն իսկ ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Շարունակելով անամօթաբար մերժել Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը, Իսրայէլի կառավարութիւնը պարզապէս կը խաթարէ իր հեղինակութիւնը միջազգային հանրութեան մօտ:
Նոյնիսկ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի Նիւ Եորքի մէջ միացաւ քաղաքական վիճաբանութեան՝ տեսակցելով Կիպրոսի նախագահին եւ Հայաստանի ու Յունաստանի վարչապետներուն հետ՝ ցոյց տալու համար իր դժգոհութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նկատմամբ, որ ՄԱԿի մէջ իր ելոյթին ընթացքին Փաքիստանի կողմը բռնեց: Նման հանդիպում մը, միանշանակ, կը բխի Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի շահերէն՝ հակադրուելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Փաքիստանի վարած յարմարաւէտ յարաբերութիւններուն:
Այս տարուան Յունիսին, Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցան Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ՝ քննարկելու համար իրենց յարաբերութիւններուն ընդլայնման հարցերը: Երեք երկիրները կը կիսեն տարածաշրջանի մէջ թրքական գերիշխանութեան հակադրուելու ընդհանուր նպատակը:
Յօդուածս աւարտեմ զուարճալի գրառումով. Էրտողան հրաժարեցաւ նստիլ Թրամփի սեղանը, այլ պետութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիսաւոր ճաշկերոյթին, զոր Միացեալ Նահանգներու նախագահը մատուցած էր անցեալ շաբաթ ՄԱԿի կեդրոնին մէջ, որովհետեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ էլ Սիսի (Թուրքիոյ նախագահը կ՛ատէ զայն) նստած էր նոյն սեղանին: Էրտողանի աթոռը մնաց դատարկ՝ զրկելով զայն ճաշկերոյթի ընթացքին Թրամփի ուղեղը լուալու ոսկեայ առիթէն…