
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Յուլիս 2019ին, դարձեալ դիմեց թրքական դատարան, օրինական հայց ներկայացնելով Սիսի նախադատ ատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձը:
Արդարեւ, Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, կաթողիկոսարանին հետ աշխատակցող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերուն ունեցած աշխատանքային ու խորհրդակցական հանդիպումներուն լոյսին տակ՝ որոշուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին:
Շուրջ հազար էջերէ բաղկացած թղթածրարը պատրաստուած է իրաւական զոյգ յանձնախումբերու միացեալ աշխատանքով՝ հիմնուելով թրքական օրէնքի տրամադրութիւններուն, միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի պաշտպանած իրաւունքներուն վրայ, բաց ու ապահով պահելով Եւրոպական Դատարան վերադառնալու ուղին:
Յիշեցնենք, որ սոյն դատական հայցը կ՛իյնայ Ապրիլ 2015ին կաթողիկոսարանին սկսած դատական գործընթացի ծիրին մէջ՝ իբրեւ անոր շարունակութիւնը: