
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ իրիկուն, դարձեալ մտահոգիչ իրավիճակ պարզուեցաւ Քեսապ հայկական գիւղաւանին մէջ։ Չորս հրթիռներ ինկան գիւղի անտառային շրջաններուն մէջ։
Հայկական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ գիւղին ուղղութեամբ կատարուած այս յարձակումները կապ ունին հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ շրջանի վերջին զարգացումներուն հետ։
Վերջին ամիսներուն, գիւղին մէջ տիրող անդորրին շնորհիւ մեծաթիւ օտար զբօսաշրջիկներ կ՛այցելէին Քեսապ, բայց Ուրբաթ օրուան հրթիռակոծութենէն ետք անոնց կարեւոր մէկ մասը հեռացաւ գիւղէն։ Այժմ, սպասողական իրավիճակ մը կը տիրէ գիւղացիներուն մօտ։
Հայկական աղբիւրներ նաեւ դիտել կու տան, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային հատուածէն մերթ ընդ մերթ պայթումի ձայներ կը լսուին։