ՀՄԸՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 29րդ Նաւասարդեան խաղերը տեղի ունեցան Նիւ Եորքի մէջ, Հինգշաբթի 4 Յուլիսէն Կիրակի 7 Յուլիս, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, հովանաւորութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեանի եւ հիւրընկալութեամբ ՀՄԸՄի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին:
Բացման հանդիսութեան նաեւ ներկայ էր ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սանտրա Վարդանեան:
Օրուան հանդիսավար Նազարէթ Ապաճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք հերթով հրաւիրուեցան Նիւ Եորքի մասնաճիւղի ատենապետ Էտի Թորոսեանը, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արամ Գայսերեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Մեսրոպեանը եւ սրբազան հայրը, որպէսզի փոխանցեն իրենց պատգամները:
Երեք օրերու վրայ երկարող խաղերուն ընթացքին դաշտերու վրայ թէ այլուր, ՀՄԸՄական մարզիկը հանդիպեցաւ իր հարազատներուն, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի զանազան մասնաճիւղերէ:
Բոլոր մարզիկները, սկաուտները եւ համակիրները, խումբ առ խումբ ժամանեցին Նիւ Եորք, ուր տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու պատասխանատուներու կարճ ժողով մը, բացատրելու շաբաթավերջի մարզախաղերու դասաւորումը, օրէնքները եւ խստապահանջ կարգապահական պայմանները:
Ծնողներ ու բարեկամներ ոգեւորիչ խանդավառութեամբ կը ներխուժէին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու, թէ իրենց ՀՄԸՄի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է մեր հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ:
Այս առթիւ հրատարակուեցաւ յուշամատեան գրգոյկ մը:
Ուրբաթ, 5 Յուլիսի երեկոյեան պարահանդէսը խանդավարեց հռչակաւոր երգչուհի Սարինա Քրոս, իսկ Շաբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը:
Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխումը: