Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ ներկայացուցած է իր ծնողներուն՝ Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեաններուն անունով մրցանակի մասին հակիրճ զեկոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք, թէ ընթացիկ տարուան Յունիս ամսուն, «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» կրթական մրցանակը տարեշրջան մը եւս բոլորեց:
Սոյն կրթական մրցանակը կը հասնի երեք սփիւռքեան վարժարաններու՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի (Պէյրութ), Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի (Լոս Անճելըս) եւ Ֆերահեան եւ Գապայան Ազգային վարժարանի (Լոս Անճելըս) այն շրջանաւարտներուն, որոնք գերազանց արդիւնքներ արձանագրելով մէկտեղ, նաեւ կը ցուցաբերեն գործօն մասնակցութիւն հայկական-ազգային իրականութեան մէջ:
Վերոյիշեալ ուսումնական հաստատութեանց նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի շրջանաւարտներուն կը յանձնուի 500էն մինչեւ 2000 տոլարի սահմաններուն մէջ մրցանակներ:
Իր հիմնադրութենէն մինչ օրս, Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեաններու յիշատակը անմահացնելու եւ անոնց ազգային իտէալները գործնականացնելու ձգտող այս մրցանակը բաշխուած է 87 խոստմնալից հայ ուսանողներու:
Arshavir & Hermine Hovsepian Scholarship Award Receipients, 2019
Ferrahian-Cabayan
Alex Kassamanian (12th)
Sarel Chahmelikian (8th)
Nanor Jabrassian (5th)
Rose & Alex Pilibos
Ani Ghazarian (12th)
Ani Balakchyan (8th)
Knarik Ktrdzhyan (5th)
Neshan Palandjian Djemaran (Beirut)
Nareg Mesrobian (12th)
Mari-Kristel Adjemian (12th)
Vana Bakkalian (12th)
Narod Merdkhanian (12th)