ԳԱՀԻՐԷ, «Երկիր Մեդիա».- Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 25 Յուլիսին Հուրղատա-Երեւան թիւ OTF 3703 թռիչքին ջնջումին պատճառով Կարմիր Ծովու ափին գտնուող Հուրղատա քաղաքը մնացած են շուրջ հարիւր Հայաստանի քաղաքացիներ, որոնց մէկ մասը կը գտնուի օդակայանին, իսկ միւսը՝ հիւրանոցներու մէջ:
Դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է վերոյիշեալ քաղաքացիներուն եւ փոխադրող ընկերութեան հետ ու կը ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ հարցը լուծելու համար։
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հիւպատոս Ռաֆայէլ Մովսէսեան նշեց, որ տոմս վաճառող հայկական ընկերութիւնը չէ վճարած օդանաւին ծախսերը, այդ պատճառաւ թռիչքը ջնջուած է:
Օդանաւը կը պատկանի յունական ընկերութեան մը, որ պատրաստ է գումարը ստանալու պարագային՝ մինչեւ առաւօտ իրականացնել թռիչքը:
Քաղաքացիներուն կեցութեան հարցին լուծման անդրադառնալով՝ Մովսէսեան ըսաւ. «Մենք 24 ժամ կապի մէջ ենք քաղաքացիների հետ, ասում ենք ինչով հնարաւոր է՝ կ՛աջակցենք, բայց պէտք է հասկանալ, որ դեսպանութիւնն առանձին բիւջէ չունի քաղաքացիների հիւրանոցային ծախսերը հոգալու համար»: