ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Չորեքշաբթի, 10 Յուլիսի երեկոյեան, արտաքին գործոց նախարարութեան Փարիզի շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան անդամներուն կազմակերպած բողոքի ցոյցը՝ Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի համագործակցութեան դէմ:
Կոչին ընդառաջած շուրջ հարիւր ցուցարարներուն դիմելով՝ բեմէն իրարու յաջորդած գործիչները անդրադարձան օրուան գլխաւոր երկու բնաբաններուն՝ Արցախի հետ կնքուած բարեկամութեան ուխտերու ջնջումին եւ Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելուն:
Ցոյցը վերջ գտաւ դրական յայտարարութեամբ մը, որովհետեւ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Յարութ Մարտիրոսեան ներկաներուն տեղեկացուց, թէ ֆրանսական դատարաններու բացասական վճիռները չեն յաջողած վհատեցնել Ֆրանսայի այն քաղաքները, որոնք կը ձգտին բարեկամական կապեր հաստատել Արցախի զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու հետ, եւ շատ շուտով բարեկամութեան նոր ուխտեր պիտի կնքուին: