ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Շաբաթ, 13 Յուլիսի երեկոյեան Լիբանանի Տհուր Շուէյր գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական իւրայատուկ եւ անմոռանալի երեկոյ մը՝ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, Տհուր Շուէյրի եւ Այն Սընտիանէի քաղաքապետ ճարտարագէտ Հապիպ Մըժահեսի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Արտերկրի լիբանանցիներու տօնի փառատօներու խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Ապտ Էլ Ահատի եւ հայ, տեղացի ու օտար խուռներամ բազմութեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց օրուան հանդիսավար Տալիա Ժըրտաք, որ ողջունեց ներկաները՝ ընդգծելով, որ հայկական այս երեկոն խիստ իւրայատուկ է եւ կը միտի վերահաստատել անցեալին ամրան շրջանին իրենց արձակուրդը Տհուր Շուէյրի մէջ անցընելու սովորութիւն ունեցող հայերուն ու Տհուր Շուէյրի ընտանիքներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները եւ ջանալ նոր բարեկամութիւններ հաստատել: Ան մաղթեց, որ անցեալի յիշողութիւնները վերակենդանանան եւ դարձեալ հայկական ներկայութիւնը շեշտուի Տհուր Շուէյրի մէջ: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի իրականացման:
Ապա ան խօսքը փոխանցեց քաղաքապետ Հապիպ Մըժահեսի, որ իր կարգին ողջունեց ներկաները՝ իր սրտին խիստ մօտիկ համարելով այս երեկոն:
Ապա խօսք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ նշեց, թէ Մեթնի այս շրջանը յատուկ տեղ ունի հայերու սրտին մէջ: «Հոս հասակ առած են բազմաթիւ սերունդներ, եւ ճիշդ է, որ այս շրջանը իւրայատուկ է իր գեղեցկութեամբ, կլիմայով, տեսքով ու դիրքով, սակայն այդ մէկը բաւարար չէ յարաբերութիւնները խորացնելու այլ, ինչպէս Տհուր Շուէյրի մէջ ապրած հայեր կրնան հաստատել, այս շրջանը կը զանազանուի անոր բնակիչներու հիւրասիրութեամբ, բարեսրտութեամբ:
Իր կարգին նախարար Աւետիս Կիտանեան բարձր գնահատեց հայկական երեկոյի այս նախաձեռնութիւնը, այս առիթով համախմբուած հազարաւոր ներկաները եւ կրպակներուն պարզած ճոխ պատկերը: «Ինքզինքս ոչ թէ լիբանանեան, այլ՝ միջազգային փառատօնի մը մէջ կը զգամ», ըսաւ նախարար Կիտանեան՝ անդրադառնալով կազմակերպուածութեան եւ համապարփակ մասնակցութեան:
Ան անդրադարձաւ Լիբանանի նախապատերազմական եւ յետ-պատերազմական փուլերուն՝ նշելով, որ պատերազմը խոչընդոտեց լիբանանեան համերաշխ մթնոլորտը, ու այսպիսի նախաձեռնութիւններ վերստին կը միացնեն:
Այս առթիւ քաղաքապետ Հապիպ Մըժահես «Ասատ Շուէյր» («Շուէյրի առիւծ») կոչուող զարդասեղ նուիրեց նախարար Աւետիս Կիտանեանին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին:
Փոխադարձաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ոսկեզօծ մայրիի յուշանուէր յանձնեց քաղաքապետ Հապիպ Մըժահեսին եւ Տալիա Ժըրտաքին: Իր կարգին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան յատուկ յուշանուէր յանձնեց քաղաքապետ Հապիպ Մըժահեսի:
Ձեռնարկին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գայիանէ» պարախումբին եւ նուագող խմբակին: Հայկական երգերով ելոյթ ունեցան երգչուհի Զոյա եւ Սեւան Կարապետեան, իսկ Տի. ճէյ. Քլիֆ իր ներկայացուցած եղանակներով ջերմացուց մթնոլորտը:
Տեղադրուած էին բազմաթիւ եւ այլազան կրպակներ, որոնք կը ներկայացնէին հայկական արհեստի ու արուեստի նմուշներ, ինչպէս նաեւ հայկական խոհանոցի համեղ ուտեստեղէն:
Աւարտին ձեռնարկի հովանաւոր հաստատութիւններէն «Էր Արմինիա»ի կողմէ բաժնուած թիւերէն՝ 81 թիւը կրող Ռիչըրտ Ուզունեան շահեցաւ ձրի տոմս մը տրամադրուած նշեալ ընկերութեան կողմէ: