ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Պատիւ ունեմ» ծրագիրի ծիրին մէջ, դասակի հրամանատարներու պատրաստութեան վերաբերող պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն կատարողներուն պայմանագիրի ժամկէտը 3 տարուան փոխարէն պիտի ըլլայ 2 տարի 3 ամիս։
Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, որ առաջին 3 ամիսը պիտի յատկացուի պարտադիր զինուորի կարգավիճակով պատրաստութեան, իսկ 2 տարին՝ կրտսեր սպայական կազմի պայմանագրային զինուորական ծառայութեան: «Նշուած դրոյթներն ունեն բարելաւող բնոյթ, նախատեսւում է դրանց գործողութիւնը տարածել նաեւ նախկինում կնքուած պայմանագրերի վրայ», դիտել տուաւ ան։
Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ այս ծրագիրին մէջ ներգրաւուելու պայմաններուն մէջ որոշ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին։ «Միաժամանակ, ընտրութեան գործընթացը յստակեցնելու նպատակով նախատեսւում է, որ անկախ թեստաւորման արդիւնքներից, յաղթող ճանաչուելու առաջնահերթութիւնը տրւում է համապատասխան միջին որակական գնահատական ունեցող քաղաքացիներին, ինչպէս նաեւ սահմանւում է, որ «Պատիւ ունեմ» ծրագրի շրջանակներում կնքուած պայմանագրի լուծման դէպքում տարկէտման իրաւունքը դադարեցնելուց յետոյ նոյն քաղաքացու կողմից կրկին անգամ «Պատիւ ունեմ» ծրագրով տարկէտում չի տրւում», ըսաւ Տօնոյեան:
Որոշման նախագիծի շարք մը դրոյթներ ուժի մէջ պիտի մնան 1 Սեպտեմբեր 2019ին, որպէսզի անոնց գործողութիւնը չտարածուի 2019-2020 ուսումնական տարուան «Պատիւ ունեմ» ծրագիրի կազմակերպման գործընթացին վրայ: