ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 11 Յուլիսին սկսան եւրոպական ֆութպոլի ակումբներու 2019-2020 տարեշրջանի «Եուրոփա» մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումները:
Երեւանէն երեք խումբեր՝ «Փիւնիկ», «Ալաշկերտ» եւ «Բանանց» ունեցան մրցումներ, որոնցմէ առաջին երկուքը՝ իրենց դաշտերուն վրայ:
«Փիւնիկ»ը, որ հիւրընկալեց «Շքուփի» ակումբը (Հիւսիսային Մակեդոնիա) արձանագրեց 3-3 արդիւնքով (կիսախաղ 1-2) հաւասարութիւն մը: Էտկար Մանուչարեան իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ 85րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին վերջին կօլը:
«Ալաշկերտ»ը 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ 1-0) յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին՝ «Մակեդոնիա Կիօրչէ Փեթրով»ի (Հիւսիսային Մակեդոնիա) դէմ:
Իր կարգին, «Բանանց»ը, որ հիւրը եղաւ «Չուքարիչքի»ի (Սերպիա), 3-0 արդիւնքով (կիսախաղ 1-0) ծանր պարտութիւն մը կրեց:
Նշենք, որ դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 16ին եւ 18 Յուլիսին։ «Բանանց»ը իր մրցումը պիտի ունենայ 16 Յուլիսին, Երեւանի մէջ, իսկ «Ալաշկերտ»ը եւ «Փիւնիկ»ը Հիւսիսային Մակեդոնիա պիտի մեկնին 18 Յուլիսին։