
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի գերվարպետներ Սամուէլ Տէր Սահակեանի եւ Մանուէլ Պետրոսեանի յաղթանակներով վերջ գտաւ Հնդկաստանի Կօա նահանգին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան 23 երկիրներէ 246 ճատրակի վարպետներ եւ գերվարպետներ:
Սամուէլ Տէր Սահակեան առաւելագոյն 10 կէտէն ապահովեց 8 կէտ եւ գրաւեց առաջին դիրքը: Իսկ Մանուէլ Պետրոսեան նոյնքան կէտ ապահովելով եւ լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւեց երկրորդ դիրքը, հաղորդեց Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքը: