ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 27 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը գումարեց 9րդ նստաշրջանի վերջին նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց 2018ի պետական պիւտճէի կատարման մասին հաշուետուութիւնը: Արցախի ելեւմուտքի նախարար Արթուր Յարութիւնեան մանրամասն կերպով ներկայացուց նախորդ տարուան պիւտճէի կատարողականը, որմէ ետք Հաշուեքննիչ պալատի նախագահ Էռնեստ Աւանեսեան ներկայացուց պալատի ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները՝ արժանահաւատ գնահատելով նախորդ տարուան գլխաւոր ելեւմուտքի փաստաթուղթի կատարողականը:
Պիւտճէն հաստատուեցաւ 26 թեր, 4 դէմ, 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Ըստ «Ապառաժ»ի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը թեր քուէարկեց, իսկ խմբակցութեան տեսակէտը խորհրդարանին ներկայացուց Ազգային ժողովի փոխնախագահ, խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան, որ դիտել տուաւ, թէ խմբակցութիւնը ուսումնասիրած է պիւտճէի հաշուետուութիւնը եւ տարուած աշխատանքը նկատեց նպատակային եւ բարեփոխումներու նպաստող։ «Մասնաւորապէս իրական քայլ է կատարել գործարարների եւ սպառողների իրաւունքների ու շահերի պաշտպանուածութեան, հարկային վարչարարութեան մեղմացման, գիւղին եւ գիւղատնտեսութեանը, պետական աջակցութեան ուղղութեամբ», ըսաւ ան։
Ըստ Բալայեանի՝ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը կարեւոր կը համարէ նաեւ Արցախի տնտեսական աճի յարաճուն զարգացումը։
«Մենք, որպէս կուսակցութիւն եւ խմբակցութիւն, կարեւորում ենք գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման հարցերը: Նախորդ տարուայ համեմատ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի 3.9 տոկոսի չափով նուազումը մտահոգիչ է: Վստահ ենք, որ մեր առաջարկները տեղ կը գտնեն 2019 թուականի տարեկան հաշուետուութեան մէջ», ըսաւ Վահրամ Բալայեան՝ աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը պետական ամավարկի կատարման մասին հաշուետուութիւնը դրական կը գնահատէ: