ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը կը յայտնէ, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ականազերծները 8 Յունիսէն մինչեւ 25 Յունիս թեքնիք հետազօտութեան եւ մաքրման աշխատանքներուն ընթացքին 1650 քառ. մեթր տարածք ականազերծած են:
Հայկական մարդասիրական խումբի բժիշկները նոյն ժամանակահատուածին մէջ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են 92 քաղաքացիներու, ճառագայթային հետազօտութիւններու ենթարկուած են 86 հիւանդներ, արեան քննութեան եւ մանկաբարձական ծառայութիւններէ օգտուած են 8 քաղաքացիներ, մանկաբոյժը զննած եւ համապատասխան բուժում կատարած է 22 երեխաներու: