ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Երեսունչորս տարի առաջ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը զեկոյց մը հաստատեց, որով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ իբրեւ ցեղասպանութեան դէպք: Մինչեւ վերջերս, ՄԱԿի մէջ այլ գործունէութիւն չէ եղած այս հարցին վերաբերեալ: Անսպասելիօրէն, 25 Մարտ 2019ին, զարմանալի նամակ մը յղուեցաւ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ գործող ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Սատիք Արսլանի՝ ՄԱԿի երեք կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ. անոնք են՝ Պերնար Տուհայմ՝ Բռնի կամ հարկադրաբար անհետացած մարդոց հարցերու աշխատանքային խումբի զեկուցող նախագահ, Տէյվիտ Քէյ՝ Կարծիքի եւ արտայայտութեան ազատութեան աջակցութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու յատուկ զեկուցող եւ Ֆապիան Սալվիոլի՝ Ճշմարտութեան, արդարադատութեան, փոխհատուցման խրախուսման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու հարցերու յատուկ զեկուցող:
ՄԱԿի միացեալ նամակին մէջ թուրք դեսպանէն կը խնդրուէր 60 օրուան ընթացքին պատասխանել հետեւեալ եօթը հարցումներուն.
«1. Կը խնդրենք տրամադրել որեւէ տեղեկութիւն եւ/կամ մեկնաբանութիւն(ներ), զորս դուք կրնաք ունենալ մեղադրանքներու վերաբերեալ՝ Թուրքիոյ վերագրուող խախտումները 1915-1923 թուականներու ողբերգական իրադարձութիւններուն, որոնք վնասած են հայ փոքրամասնութեան, եւ այդ դէպքերուն հետեւանքները՝ նշեալ բնակչութեան համար:
- Ձերդ գերազանցութեան կառավարութեան կողմէ ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն մշակուած է այս մեղադրանքներուն արձագանգելու համար:
- Թուրքիոյ կողմէ ինչպիսի՞ միջոցներու ձեռնարկուած են իրողութիւնը պարզելու համար, ներառեալ 1915-1923 թուականներուն ընթացքին բռնի ներքին տեղահանութեան, կալանաւորման, արտադատական սպանութիւններու եւ հարկադրաբար անհետացման ենթարկուած հայերու ճակատագիրը կամ գտնուելու վայրը պարզելու համար:
- Ինչպիսի՞ միջոցներու ձեռնարկուած է՝ ապահովելու համար այդ իրադարձութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը իմանալու տուժածներու եւ, ընդհանուր առմամբ, հասարակութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ապահովելու համար արդարութեան եւ կրած վնասի հատուցման տուժածներու իրաւունքը:
- Ինչպիսի՞ միջոցներու ձեռնարկուած է՝ այդ իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհուած հայերու մարմինները, ըստ կարելւոյն, յայտնաբերելու համար:
- Կը խնդրենք տեղեկութիւն տրամադրել՝ 2017ի օրէնսդրութեան հաստատման պատճառներուն մասին, որոնց հիմամբ օրէնսդիրներուն կ՛արգիլուի յստակօրէն արտայայտուիլ: Պարզաբանել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս իրականութիւնը համատեղել մարդկային իրաւունքներուն վերաբերող միջազգային իրաւունքին հետ, մասնաւորաբար Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի 19րդ յօդուածին հետ:
- Կը խնդրենք մանրամասն տեղեկութիւն տրամադրել՝ հայերու դէմ գործուած յանցանքներու մասին կատարուած յայտարարութիւններու համար մարդոց պատժելու նպատակով Քրէական օրէնսգրքի 301րդ յօդուածի կիրարկման դէպքերու վերաբերեալ»:
ՄԱԿի միացեալ նամակին մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած են հայերու դէմ իրականացած վայրագութիւնները. «1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութիւնը եւ անոր յաջորդած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, (որոնք) իրականացուցած են երկրի արեւելեան բաժինին մէջ ապրող հայ փոքրամասնութեան զանգուածային տեղահանութեան քաղաքականութիւն: Այդ փոքրամասնութեան պատկանող հարիւր հազարաւոր մարդիկ (մօտաւորապէս 600 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն 500 հազար) ենթարկուած են այդ քաղաքականութեան, ինչ որ յանգեցուցած է համատարած բռնութեան, այդ բնակչութեան դէմ: Ըստ տեղեկութիւններու՝ հայերու բռնի արտաքսումը սկսած է Մարտ 1915ին, հիմնականին մէջ Անատոլիոյ, բայց նաեւ երկրի այլ հատուածներուն մէջ: Հայերը վռնտած են իրենց նախնիներու հողերէն: 24 Ապրիլ 1915ի գիշերը Պոլսոյ մէջ ձերբակալեցին քաղաքական եւ մտաւորական հարիւրաւոր ղեկավարներ, իսկ հետագային զանոնք տեղափոխեցին ուրիշ վայրեր: Հետեւանքը եղաւ այն, որ հայկական վերնախաւը գրեթէ ամբողջութեամբ ջնջուեցաւ: Ասոր հետեւեցաւ ամբողջ հայ բնակչութեան դէմ ուղղուած համակարգուած քաղաքականութիւն իւրաքանչիւր նահանգի եւ վիլայէթի մէջ, պաշտօնական նպատակ ունենալով հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը Անատոլիոյ արեւելեան նահանգներէն՝ դէպի Հալէպ եւ սուրիական անապատներու մէջ գտնուող ճամբարները: Հայերը ենթարկուեցան պարտադրուած երթերու: Անոնց մեծ մասը, ենթադրաբար, հետզհետէ մահացաւ ուժասպառութենէ, սովէ, հիւանդութիւններէ կամ կոտորածէ, մինչ անոնց աճիւնները հիմնականին մէջ մնացին լքուած: Տեղ հասնելով՝ ողջ մնացած քանի մը հոգին կը պահէին ճամբարներու մէջ, ուր եւ անոնք կրնային խոշտանգուիլ կամ արժանանալ դաժան, անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումի. հետագային վերապրածներուն մեծ մասը սպաննեցին: Գործընթացը շարունակուեցաւ մինչեւ 1923:
Կ՛ենթադրուի, որ այս գործողութիւնները կրնային սահմանուիլ իբրեւ բռնի անհետացումներ, այն աստիճանի, որ.
- Հայերը Թուրքիոյ մէջ ենթարկուած են ձերբակալութիւններու, բանտարկութիւններու կամ առեւանգումներու կամ ուրիշ ձեւով զրկուած են իրենց ազատութենէն.
- Ըստ տեղեկութիւններու՝ այս գործողութիւնները վերագրուած են պաշտօնատար անձերու կամ կառավարութեան տարբեր ճիւղերու կամ մակարդակներու.
- Մինչեւ այսօր կառավարութիւնը չէ բացայայտած այդ մարդոց ճակատագիրը կամ գտնուելու վայրը»:
ՄԱԿի նամակին մէջ քննադատուած է նաեւ Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը. «Նաեւ կը տեղեկացուի, որ Թուրքիա ոչ միայն կը մերժէ ճանչնալ այդ իրադարձութիւնները, այլ նաեւ դիտաւորութեամբ ներգրաւուած է զոհերու ճակատագիրին կամ գտնուելու վայրին մասին ճշմարտութեան ժխտման եւ խոչընդոտման մէջ: Թէեւ մենք չենք փափաքիր կանխորոշել այդ մեղադրանքներուն ճշգրտութիւնը, մենք կը փափաքինք արտայայտել մեր անհանգստութիւնը՝ նշուած ժխտողականութեան եւ 1915-1923 թուականներուն հայերու բռնի տեղահանման համար ճշմարտութեան հաստատման եւ արդարութեան ապահովման համար յառաջընթացի բացակայութեան նկատմամբ, որ յանգեցուց վիթխարի տառապանքի եւ դաժան վերաբերումի ու մահուան: Համապատասխան փաստերու հաստատման եւ ճանաչման յառաջընթացի բացակայութիւնը, ոչ միայն վնաս կը հասցնէ զոհերու եւ անոնց սերունդներու արժանապատուութեան, այլեւ կրնայ խոչընդոտել յիշողութեան պահպանման եւ ճշմարտութեան հաստատման համար միջոցներու նախաձեռնելու հնարաւորութիւնը»:
17 Մայիս 2019ին, ՄԱԿի հարցապնդման 60 օրերուն ընթացքին, Թուրքիոյ դեսպանը արձագանգեց երեք էջնոց նամակով՝ նշելով, որ ՄԱԿի նամակը «անպատասխան կը մնայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ»…: Դեսպան Արսլան նաեւ յայտարարեց, որ «իմ իշխանութիւնները բաւական շփոթած էին այդ հաղորդակցութենէն», զոր ան նկարագրեց իբրեւ «չարամիտ եւ քաղաքական դրդապատճառներով թելադրուած»:
ՄԱԿի նամակին յայտարարութիւնները ժխտելէ բացի, դեսպան Արսլան նաեւ վկայակոչեց ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունը եւ անոր մամլոյ խօսնակ Ֆարհան Հաքը՝ պնդելով, որ ՄԱԿը երբեք դիրքորոշում չէ ունեցած այն իրադարձութիւններուն մասին, որոնք տեղի ունեցած են ՄԱԿի ստեղծումէն առաջ:
Թէ՛ գլխաւոր քարտուղարը, թէ՛ անոր խօսնակը սխալ են, որովհետեւ ՄԱԿը յատուկ օր սահմանած է հրէական Ողջակիզումը յիշատակելու համար. անիկա տեղի ունեցած էր 1945ին, ՄԱԿի հիմնադրութենէն առաջ: Աւելին, ես հարցազրոյց ունեցած եմ Պան Քի Մունի խօսնակ Ֆարհան Հաքի հետ եւ անոր հարցուցած 1985ին ՄԱԿի ենթայանձնախումբի Ցեղասպանութեան զեկոյցին մասին, որ ճանչցած է քանի մը ցեղասպանութիւններ, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ընդ որուն բոլորն ալ տեղի ունեցած են մինչեւ ՄԱԿի հիմնադրութիւնը: Հաք ինծի ըսաւ, որ տեղեակ է ՄԱԿի ենթայանձնախումբի Ցեղասպանութեան զեկոյցէն, սակայն ան ակնարկեց ՄԱԿի Գլխաւոր յանձնախումբին կողմէ ճանաչման բացակայութիւնը:
Աւելի՛ն. հեղինակները ՄԱԿի նամակին հետ ներկայացուցած են Միջազգային մարդասիրական օրէնքէ յղումը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Անպատժելիութեան դէմ պայքարելու միջոցով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ աջակցութեան համար թարմացուած Սկզբունքներու ամբողջութեան 2րդ սկզբունքը կը սահմանէ բոլոր անձերուն անքակտելի իրաւունքը՝ իմանալու ճշմարտութիւնը անցեալի դէպքերուն մասին, նողկալի ոճրագործութիւններու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքներու եւ պատճառներու մասին, որոնք յանգեցուցին նշեալ դէպքերուն: Ճշմարտութեան իրաւունքի ամբողջական եւ արդիւնաւէտ իրականացումը կ՛ապահովէ կենսական կարեւոր երաշխիք ընդդէմ խախտումներու կրկնութեան: Չորրորդ սկզբունքը կը սահմանէ, որ զոհերը եւ անոնց ընտանիքները ունին անժամանցելի իրաւունք իմանալու ճշմարտութիւնը այն հանգամանքներուն, որոնց պատճառով տեղի ունեցած են խախտումները, ինչպէս նաեւ զոհերու ճակատագրին մասին»:
Վերջապէս, դեսպան Արսլան կրկնած է նոյն կեղծիքը այն մասին, որ Հայաստան չէ պատասխանած Թուրքիոյ 2005ի նամակին, որուն մէջ կ՛առաջարկուէր «կազմել պատմաբաններէ եւ փորձագէտներէ բաղկացած համատեղ յանձնախումբ՝ 1915ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար»: Ասիկա սուտ է: Հայաստան արձագանգած է՝ առաջարկելով, որ նախատեսուող յանձնախումբը քննարկէ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր չլուծուած հարցերը, այլ ոչ թէ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան է, որ երբեք չէ պատասխանած:
Այժմ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դարձեալ բարձրացուած է ՄԱԿի մէջ, իբրեւ յաջորդ քայլ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է պաշտօնապէս ներառնէ ՄԱԿի նամակը եւ թրքական ժխտողական պատասխանը՝ ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի օրակարգին մէջ եւ հետամուտ ըլլայ փոխհատուցման եւ արդարութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ