ՅՈՎԻԿ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, 22 Յունիսի երեկոյեան, Լավալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ տօնավաճառ-քերմեսը այցելեցին դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակի զանազան պաշտօնատարներ: Պաշտօնական այս հիւրերուն շարքին էին՝ Լավալի քաղաքապետ Մարք Տեմերս, դաշնակցային երեսփոխաններ Ֆայսալ Էլ-Խուրի, Եւա Նասիֆ եւ Իվ Ռոպիյար, նահանգային երեսփոխան Կի Ուելեթ, նահանգային երեսփոխան Մոնիք Սովէի ներկայացուցիչ Ռարես Պուրլաքու, Լավալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արամ Էլակէօզ, Ալին Տիպ, Ժոսլին Ֆրետերիք Կոթիէ, Սանտրա Էլ-Հըլու, Նիքոլա Պորն, Վիրժինի Տիւֆուր եւ Ուրուկուէյի ընդհանուր հիւպատոս հայազգի Փետրօ Էտուարտօ Քէօրօղլեան:
Հիւրերը դիմաւորեցին Լավալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր Յակոբ քհնյ. Կեատայեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Հերմինէ Մանուկեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեան եւ անդամ Մհեր Գարագաշեան, Լավալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Լավալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամներ Ներսեհ Լիպարեան, Մովսէս Կէտիկեան եւ Զաւէն Տէր Սահակեան:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, որ ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց ներկայ պաշտօնատարներուն քաջալերանքը հայկական նախաձեռնութիւններուն, որմէ ետք քաղաքապետ Տեմերս խօսք առնելով՝ շեշտեց լավալահայութեան ներդրումը Լավալի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան գործընթացին մէջ:
Ընթացքին հիւրերը այցելեցին տաղաւարները։