ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 22 Յունիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց Սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։ Լուրը կը փոխանցէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մարզերուն մէջ համայն հայութեան ջանքերու համախմբման ուղղուած շարք մը ծրագիրներ:
Կարեւոր նկատուեցաւ գիտութեան եւ կրթութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդրման, ռազմական բժշկութեան, ընկերային ապահովութեան եւ այլ մարզերու մէջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան զարգացումը:
Շնորհաւորելով պատասխանատու պաշտօնին անոր նշանակուիլը՝ պաշտպանութեան նախարարը յաջողութիւն մաղթեց Զարեհ Սինանեանին՝ համահայկական գաղափարներու կեանքի կոչման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: