ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան 24 Յունիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Նաթալիա Վուտովա: Այս մասին յայտնեցին նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Նախարարը, կարեւոր նկատելով Եւրոպայի խորհուրդին հետ համագործակցութիւնը՝ նշեց, որ Հայաստան ներկայիս դատաիրաւական լուրջ բարեփոխումներու ճամբուն վրայ է, եւ այդ ընթացքին անհրաժեշտ պիտի ըլլան Եւրոպայի խորհուրդի գործընկերներուն լաւագոյն փորձառութիւնը եւ փորձագիտական խորհրդատուութիւնը: Ռուստամ Բադասեան ընդգծեց, որ կայ քաղաքական կամք եւ տրամադրուածութիւն այդ բարեփոխումները միջազգային բոլոր չափանիշերուն համապատասխան իրականացնելու: Նախարարը սերտ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց եւ բարձր գնահատեց Եւրոպայի խորհուրդի տարած ջանքերը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման եւ զարգացման ուղղութեամբ:
Վուտովա դիտել տուաւ, որ արդարադատութեան նախարարութիւնը իրենց կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկն է: Ըստ անոր՝ երեւանեան գրասենեակին կողմէ ներկայիս իրականացուող շուրջ 7 ծրագիրներուն մէջ արդարադատութեան նախարարութիւնը կա՛մ հիմնական գործընկեր է, կամ կարեւորագոյն դերակատարներէն մէկը:
Հանդիպման ընթացքին արդարադատութեան նախարարը անդրադարձաւ դատաիրաւական բարեփոխումներուն եւ փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութիւններու նախագիծերու կենսագործման՝ դիտել տալով, որ այս առումով կայ Եւրոպական խորհուրդին աջակցութիւնը:
Հայաստանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակի ղեկավարը ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի մէջ դատաիրաւական բարեփոխումներուն եւ այս համակարգին մէջ տարուող աշխատանքներուն։
Հանդիպման աւարտին ձեռք բերուեցաւ համագործակցութիւնը խորացնելու պատրաստակամութիւն։