
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ կազմուած է թանգարանին՝ 2020ին տեղի ունենալիք հիմնարկէքին պատրաստելու պարտականութիւնը ստանձնող ձեւաւորման խորհրդականներու խումբը։
Խումբը պիտի առաջնորդէ ճարտարապետական «Ալաճաճեան Մարքոսի» հիմնարկը, իսկ անոր մաս պիտի կազմեն «Ռապըրթ Կուտուին» խորհրդակցական հիմնարկը, ձեւաւորման «IMEG Corp» հաստատութիւնը, ճարտարագիտական «Ռէյթըն» ընկերութիւնը, «Կլումաք» ելեկտրական ճարտարագիտութեան հաստատութիւնը, «Courtland Studio LLC»ն եւ «Applied Earth Sciences»ը։
«Հպարտ ենք, որ առիթը պիտի ունենանք համագործակցելու նման հեղինակաւոր եւ փորձառու արհետսվարժներու հետ, որոնք կը հաւատան Հայ-ամերիկեան թանգարանի ծրագիրի կարեւորութեան», կը յայտնէ «Ալաճաճեան Մարքոսի» հիմնարկէն Արամ Ալաճաճեան։
Յիշեցնենք, որ քաղաքապետութիւնը Կլենտէյլի քաղաքամէջը գտնուող տարածք մը տարեկան մէկ տոլար խորհրդանշական վարձքով տրամադրած է մշակութային եւ կրթական այս կեդրոնին համար։

Թանգարանին կառուցման պատրաստուելով, նշեալ խումբը շինարարական մանրամասն ծրագիրները պիտի պատրաստէ, զայն Կլենտէյլի քաղաքապետութեան ներկայացնելու համար՝ առ ի վաւերացում։
Ծրագիրին շինարարական աշխատանքը պիտի առաջնորդէ «Ռապըրթ Կուտուին» հիմնարկը, որուն նորագոյն ծրագիրներէն մէկը եղած էր Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Պրոտ» թանգարանը։
Կառուցային ճարտարապետութիւնը պիտի յանձնուի «IMEG Corp» հաստատութեան մասնագէտներուն, առաջնորդութեամբ Էտուին Նաճարեանի։
Քաղաքային ճարտարագէտի պար-տականութիւնը պիտի ստանձնէ «Ռէյթըն» ընկերութիւնը, որ աշխատած է «Սթէյփըլզ» կեդրոնի եւ շարք մը այլ հսկայ հաստատութեանց ծրագիրներու վրայ։
Ելեկտրական, մեքենական եւ ջրմուղի ոլորտը պիտի յանձնուի «Կլումաք» հաստատութեան, իսկ թանգարանի կանաչապատ տարածքներու եւ կենսոլորտին նուազ վնաս հասցնելու նպատակով առնուելիք քայլերուն պատասխանատուութիւններ յաջորդաբար՝ «Courtland Studio LLC»ին եւ «Applied Earth Sciences»ին, այս վերջինը՝ Գարօ եւ Շանթ Մինասներու գլխաւորութեամբ։
Նշեալները պիտի գործակցին նաեւ շարք մը այլ խորհրդականներու հետ, ներառեալ՝ Փերի Մալճեանի («Wood Corp»էն) եւ հաւանական է, որ անոնց վրայ նորերը եւս աւելնան։
Այս խումբը կազմելու համար, ճարտարապետական «Ալաճաճեան Մարքոսի» հիմնարկը եւ թանգարանին շինարարական յանձնախումբը հարզազրոյցներ կատարած էին թեկնածուներուն հետ եւ արժեւորած էին զանոնք, որմէ ետք ընտրեալները թանգարանի վարչութեան յանձնարարած էր։
«Ուրախ ենք, որ սկսած ենք իրագործելու թանգարանի ծրագիրին յաջորդ հանգրուանը, զայն հասցնելու համար հիմնարկէքին», կը յայտնէ շինարարական յանձնախումբի ատենապետ Փօլ Կարապետեան։
Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան:
Հայ-ամերիկեան թանգարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 351-3554 թիւին կամ այցելել
www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: