ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- առաւել քան 200 ՀՄԸՄի «Հրաշք»ի համակիրներ եւ բարեկամներ ներկայ էին 10 Մայիսին տեղի ունեցած կազմակերպութեան անդրանիկ դրամահաւաքի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 2018ին հիմնուած ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին նպատակն է սպասարկել շրջանի յատուկ կարիքներ ունեցող հայ մարզիկներուն։
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Սիրան Մարսէլեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ նեցուկ կը կանգնին ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ ձեռնարկին ներկայ են եւս ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամներ Յակոբ Թիւֆէնքեան, Ռաֆֆի Վարժապետեան, Սիւզի Օհանեան եւ Նորա Չափարեան։ Վերջինը նաեւ ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչն է։
Հանդիսավարը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնխումբին, որուն անդամներն են՝ Արամ Պէքէրեան (ատենապետ), Սիրան Մարսէլեան, Ալին Հապէշեան, Ատրինէ Քալինճեան, Լորիկ Սվազլեան եւ Քրիսթին Պետոյեան։
Ապա, ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին կազմութեան, գործունէութեան եւ ապագայ նախաձեռնութիւններուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ ՀՄԸՄի «Հրաշք»ի յանձնախումբի անդամ Նանօր Գապագեան՝ յիշեցնելով, որ յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու համար պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ թեթեւ աթլեթի մարզումներ կ՛իրականացուին յատուկ գործիքներով եւ մասնագիտական մարզումներ ստացած մարզիչներով։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ ծրագիրը ոչ միայն ֆիզիքապէս կը սպասարէ յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներուն, այլ նաեւ հայկական եւ ընկերային առողջ մթնոլորտի մը մէջ կը դնէ զանոնք, ի մի բերելով նաեւ անոնց ծնողները, նոյն ժամանակ սպասարկելու իւրայատուկ առիթներ ստեղծելով կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցելու պատրաստ անհատներուն, ՀՄԸՄի «Բարձրաձիր, բարձրացուր» նշանաբանին իսկական արտացոլացումը դառնալով։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին նեցուկ կանգնողներուն եւ յատկապէս Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀԵԴի «Սարդարապատ» ուխտին կողմէ 2014ին հաստատուած յատուկ կարիքներ ունեցող հայ մարզիկներու «Փիւնիկ» պասքեթպոլի խումբին անդամներուն, որոնցմէ շատեր այժմ անդամ են ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին։
Այնուհետեւ, իր զաւակին վրայ ծրագիրին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին վկայութիւն մը տուաւ Ատրինէ Քալինճեան։
Ապա, ներկաները վայելեցին կատակաբան Վահէ Պէրպէրեանի մենախօսութիւնը, որմէ ետք անակնկալօրէն անոր միացաւ նաեւ Քարլիթօ Պոզօղլեան։
Աւարտին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած յուշանուէրներ յանձնուեցան Վահէ Պէրպէրեանին եւ Քարլիթօ Պոզօղլեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Պէրպէրեանին, որ առատաձեռնօրէն իր ժամանակը եւ տաղանդը տրամադրած էր ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին։
Նշենք, որ ներկայիս ՀՄԸՄի «Հրաշք»ի մարզիկներուն մարզումները կը կատարուին Կլենտէյլի «Փըսիֆիք» համայնքային կեդրոնին մէջ:
ՀՄԸՄի «Հրաշք»ի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել
Nanor.Kabakian@Homentmen.org հասցէին: