4 Մայիսին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի ղեկավարութեամբ կեդրոնական հրամանատարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն: Խորհրդակցութեան կը մասնակցէր ատրպէյճանական բանակի ամբողջ ղեկավարութիւնը:
Հասանով կոչ ուղղեց ամրապնդելու մարտական ներուժը, ուշադրութիւն դարձնել բոլոր տեսակի զօրքերու մարտական պատրաստուածութեան, առաջնահերթութիւն տալով յատկապէս առաջնագիծին: Ան նաեւ հրամայեց աւելցնել մարտական ռազմափորձերը եւ մարզանքները, ուշադրութիւն դարձնել յատկապէս գիշերային ժամերուն մարտական գործողութիւններ վարելուն:
Ցուցմունքներ տրուեցան նաեւ բարձր մակարդակի հասցնելու բանակի արհեստավարժութիւնը, հոգեբանական պատրաստուածութիւնը եւ գաղափարական աշխատանքները, կը հաղորդէ oxu.az կայքը: