ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահի նստավայրի դարպասները առաւել երկար ժամանակ բաց կը մնան այցելուներու համար: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
1 Մայիսէն սկսեալ փոխուեցան Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի վարչական շէնքի յարակից տարածք քաղաքացիներու մուտքի ու ելքի ժամերը:
Այսուհետեւ, նախագահի նստավայրի դարպասները հանրութեան համար աշխատանքային, ինչպէս նաեւ Շաբաթ օրերը բաց պիտի մնան երեկոյեան ժամը 6էն 10ը, իսկ Կիրակի օրերը՝ կէսօրուան ժամը 12էն երեկոյեան 10ը։ Այդ ընթացքին այցելուները կրնան ազատօրէն մտնել նստավայրի վարչական շէնքի բացօթեայ տարածքը եւ յարակից այգին:
Պատուոյ պահակախումբի հերթափոխութիւնը, որ կ՛ուղեկցուի հանդիսաւոր արարողութեամբ, կը մնայ անփոփոխ եւ տեղի կ՛ունենայ Շաբաթ օրերը, երեկոյեան ժամը 6ին, 7ին եւ 8ին, իսկ Կիրակի օրերը՝ կէսօրուան ժամը 12ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին եւ 2ին: