Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ համատեղ ջանքերով, Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները Համիլթընի (Գանատա) մէջ տեղի ունեցան 28 Ապրիլին:
Առաւօտուն, եկեղեցւոյ մէջ յատուկ արարողութիւն մատուցուեցաւ ի յիշատակ մեր նահատակներուն: Պատարագի աւարտին, ներկաները ուղղուեցան Հայ կեդրոն, ուր ճաշի դադարէ մը ետք, ժամը 2:30ին սկսաւ ոգեկոչման պաշտօնական բաժինը:
Ջահավառութեան եւ քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, անգլերէնով Լորա Պարսամեան եւ հայերէնով Ռուզան Աբգարեան հանդէս եկան բացման խօսքով, ապա փոխն ի փոխ կատարեցին օրուան հանդիսավարութիւնը:
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Գոհար Վարդանեան, Ռուզան Աբգարեան եւ Արթիւր Աւետիսեան:
Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ նաեւ Ճուլիա Աբգարեանի պատրաստած տեսերիզը:
Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Ճանպազեան, որ հակիրճ եւ ամփոփ կերպով փոխանցեց օրուան պատգամը:
Խօսք տրուեցաւ նաեւ Համիլթընի քաղաքապետ Ֆրետ Այզընպերկըրի:
Հրանդ քհնյ. Մանուկեանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով ոգեկոչումը աւարտեցաւ։