ՍԵՎԱՆ ԱԶԱՐԻԿԵԱՆ-ՊԱՐՄԱՔՍԶԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններուն, հովանաւորութեամբ հայ երեք հոգեւոր պետերու եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց թեմի ներկայացուցիչ Մակար եպս. Աշգարեան, Հայ կաթողիկէ համայնքապետ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Հայ աւետարանական համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սրահի մուտքին, հանդիսականները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄի, ՀԵԸի եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի փողերախումբերուն հնչեցուցած ազգային-հայրենասիրական երգերով:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի օրհներգներով, ապա հանդիսատեսները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն:
Բեմավար Գէորգ Շահինեան բեմ հրաւիրեց Արմէն Չիրիշեանը արտասանելու արաբերէն բացման խօսքը: Չիրիշեան դիտել տուաւ, որ հարիւր չորս տարիներ առաջ թուրքին սկսած ջարդը այսօր եւս տեղի կ՛ունենայ սուրիական հայրենիքի մէջ, բայց սուրիահայութիւնը, այսօր եւս, իր աննկուն կամքին շնորհիւ կը յաղթահարէ բազում դժուարութիւններու՝ հաւատարիմ մնալով մեր ազգային արժէքներուն ու գոյերթին:
Այնուհետեւ հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Ճուհարեան-Մուսալլի: Գեղարուեստական յայտագիրը ընթացք առաւ ՀԵ Ընկերակցութեան Կոմիտասի անուան լարային քառեակին բարձրորակ կատարումով:
Հանդիսութեան բանախօսն էր փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան, որ համապարփակ ներկայացումով լուսարձակի տակ առաւ պահանջատիրական մեր պայքարի պատմական, իրաւական հիմքերը, Հայ Դատի անժամանցելիութիւնն ու հայ ժողովուրդին պայքարելու վճռակամութիւնը:
Ապա Խօսք առաւ հիւպատոս Արմէն Սարգըսեան, որ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին վերաբերող Հայաստանի կառավարութեան, ժողովուրդին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի գօտեպնդումի խօսքերը եւ պատգամը։
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը յանուն Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին ուղղեց Մակար եպս. Աշգարեան՝ վեր առնելով հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքները: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը հաւատացած է այն ճշմարտութեան, թէ իր ինքնութեան եւ գոյատեւման ուժականութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է յաւիտենականութեան հետ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
ՍԵՎԱՆ ԱԶԱՐԻԿԵԱՆ-ՊԱՐՄԱՔՍԶԵԱՆ
Աս Սեվանը մեր գիտցած Սեւանէն տարբե՞ր է. հայկական նոր անուն մը ծնած է: Սուրիոյ պատերազմին ազդեցութիւնը հո՞ս հասեր է:
Շատ լաւ ձեռնարկ մըն է. յայտնի է, որ հալէպցիները իրենց գիծը չեն փոխած, պատերազմին ալ լաւ դիմացան, հիմա ալ Ապրիլ 24ը լաւ ձեւով ըրած են: ՊՐՐՐԱՎՕ իրենց