ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ, IDeA հիմնարկի միջոցներով ընթացքի մէջ են Շուշիի Գոհար Աղա (Վերին Ջումա) մզկիթի վերականգնման աշխատանքները: Այս մասին յայտնեցին IDeA հիմնարկի հանրային կապերու բաժինէն՝ աւելցնելով, որ ծրագիրին նպատակն է պահպանել քաղաքի պատմական եւ ճարտարապետական ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստել մզկիթի յարակից տարածքներու եւ Շուշիի պատմական թաղամասի զարգացման, վերականգնել հարեւանութեամբ գտնուող «մետրեսէ»ի շէնքը:
Ծրագիրին իրականացումը կ՛ընդգծէ հայերու եւ յատկապէս Արցախի հասարակութեան յարգանքը դէպի սեփական պատմութիւնը, հայ-պարսկական դարաւոր բարեկամութիւնը եւ մշակոյթներու փոխազդեցութիւնը:
Կը նախատեսուի աշխատանքները աւարտել մինչեւ տարեվերջ: Վերականգնման ծրագիրի նախագծային աշխատանքներուն կը մասնակցին իրանեան PartSamanJahan ճարտարապետական ընկերութիւնը եւ իրանցի մասնագէտներ: Ծրագիրին գործընկեր է «Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերի միջազգային խորհուրդ»ի Հայաստանի ազգային կոմիտէն՝ «ICOMOS Հայաստան»ը, որ փորձաքննութեան ենթարկած է նախագծային աշխատանքներու համապատասխանութիւնը միջազգային չափանիշներուն: