ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճատրակի աշխրահի հարիւր լաւագոյն վարպետներու վարկանշային ցանկի 10րդ հորիզոնականը կը գրաւէ Հայաստանի ազգային հաւաքականի առաջատար ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան:
Ցանկին վրայ տեղ գտած են նաեւ Գաբրիէլ Սարգսեան (59րդ հորիզոնական) եւ Հրանդ Մելքոնեան (93րդ հորիզոնական):
2018ի համեմատութեամբ՝ Արոնեան 2 կէտով բարելաւած է իր դիրքը:
Առաջին տեղը վարկանշային աղիւսակին վրայ գրաւած է աշխարհի ներկայ ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն: