ԵՐԵՒԱՆ.- Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատունը (ՎԶՄԲ) 13.4 միլիոն եուրոյի վարկ տրամադրած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհներ կառուցելու եւ բարեկարգելու համար:
Ծրագիրին նպատակն է 450 քիլոմեթր երկարութեամբ ընտրուած՝ կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհները բարեկարգելու միջոցով ապահովել շուկաներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը գիւղական համայնքներու եւ հզօրացնել փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարութեան կարողութիւնները՝ կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհային ցանցը կառավարելու համար:
Կը նախատեսուի նաեւ իրականացնել ճանապարհներու նախագծային աշխատանքներ, շինարարութեան որակի հսկողութիւն, ինչպէս նաեւ տրամադրել ճանապարհային անվտանգութեան արհեստագիտական աջակցութիւն եւ ապահովել «Անվտանգ Գիւղ» ծրագիրի շարունակութիւնը:
Ծրագիրը բաղկացած է 3 մասերէ՝ կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհներու բարելաւում, վերականգնելով 61 քիլոմեթր երկարութեամբ կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհ Հայաստանի 6 մարզերու մէջ (Արարատ, Արմաւիր, Սիւնիք, Գեղարքունիք, Լոռի, Արագածոտն):
Երկրորդ մասով կը նախատեսուի ծրագիրի համակարգման ու իրականացման նպատակով աջակցութեան տրամադրում: Երրորդ մասով՝ արտակարգ իրավիճակներու արձագանգելու համար միջոցներ: