«ՀՕՄը Միշտ Հայ Զինուորի Կողքին Է»
Վարեց՝ ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
Ստորեւ կը հրատարակենք մեր պաշտօնակիցին՝ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հարցազրոյցը ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Անի Օհանեանի հետ.
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- Ընկհ. Օհանեան, ՀՕՄի Գանատայի մասնաճիւղերուն եւ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան բնագաւառներուն մասին հակիրճ ձեւով կրնա՞ք անդրադառնալ:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Շրջանային վարչութեան նպաստները մեծ մասամբ կը տրամադրուին Կեդրոնական վարչութեան Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի ծրագիրներու իրականացման: Վարչութիւնը նոյնքան նուիրումով եւ շարունակ իր բաժինը կը բերէ նաեւ տեղական կրթական, դաստիարակչական եւ ընկերային ծրագիրներուն:
Նման օժանդակութիւններ ի կատար ածելու համար՝ անհրաժեշտ է նիւթականի ապահովումը, որ կ՛իրականանայ շնորհիւ հիմնարկներու եւ բարերարներու անվարան աջակցութեան: Անկասկած, ասոր պէտք է աւելցնել մեր անդամներու կամաւոր աշխատանքը եւ համակիրներու քաջալերանքը:
Նշեմ, որ մեր ծրագիրներու իրականացումը կը պարտինք վերոնշեալ ազդակներուն:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- Որո՞նք էին այս տարեշրջանի Կեդրոնական վարչութեան ծրագիրները, որոնց նպաստեց ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Այս տարեշրջանին, մեր մասնակցութիւնը բերինք ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հետեւեալ ծրագիրներուն.
1) Որբերու խնամակալութեան եւ ուսման ծրագիր. Կեդրոնական վարչութեան հսկողութեամբ, անցնող քսանութ տարիներուն Հայաստանի մէջ հովանաւորութիւն ստացած են շուրջ 7000 ծնողազուրկ երեխաներ, որոնցմէ 2000ը Գանատայէն խնամակալներու կողմէ:
2) Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» ծննդատուն. մեր տարեկան յատկացումներէն անկախ, հինգ տարի առաջ, Գանատայի շրջանը Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» ծննդատունը օժտեց 15,000 տոլար արժող Ultrasound–ի նոր սարքով մը, իսկ այս տարեշրջանին, քաջալերելու համար աղջիկ զաւակներու ծնունդը՝ երկրորդ աղջիկ զաւակ ծնող 28 մայրերու տրամադրեցինք 150ական ամերիկեան տոլար:
3) Սուրիահայութեան օժանդակութիւն. Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք՝ տարեկան դրութեամբ, որպէս կաղանդչէք 8400 ամերիկեան տոլար կը յատկացնենք Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, ձմեռնային բաճկոններ նուիրելով դպրոցական աշակերտներուն, նոյն ժամանակ եկամուտի աղբիւր ստեղծելով գործի կարիք ունեցող հայ կիներու: Օժանդակած ենք նաեւ «տաք ճաշ եւ տաքուկ բնակարան» ծրագիրներուն:
4) Մեր յատկացումները կը շարունակենք Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագիրին: Ստեփանակերտի նորակառոյց մանկապարտէզի շէնքին համար Գանատայի շրջանը հանգանակեց 145,000 տոլար: Այս ծրագիրին համար, Շրջանային վարչութիւնը իր տասը մասնաճիւղերով հովանաւորեց դասարան մը՝ նուիրելով 25,000 տոլար, ընկհ. Շաքէ Կէօնճեան եւս հովանաւորեց դասարան մը՝ դարձեալ նուիրելով 25,000 տոլար: Իսկ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը յատուկ համերգ մը կազմակերպեց եւ 33,000 գանատական տոլար յատկացուց այս ծրագիրին: Մնացեալ մեծ թէ փոքր գումարները հանգանակուեցան մեր ազգայիններէն եւ համակիրներէն:
Տարեկան 30,000 տոլարով կը հովանաւորենք Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր սահմանամերձ գիւղի «Սօսէ» մանկապարտէզի ծրագիրը:
Նիւթապէս կ՛օժանդակենք նաեւ Ջաւախքի բազմազաւակ ընտանիքներուն, Պուլկարիոյ հայ վարժարաններուն եւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրին:
5) Երեւանի թիւ 1 հիւանդանոցի Հաշմանդամ զինուորներու վերականգնողական կեդրոնի օժանդակութիւն. այս ծրագիրին յատկացուցինք 22,100 ամերիկեան տոլար:
6) ՀՕՄի Համահայկական հիմնադրամ՝ «Տեսլական 2020» ծրագիր, որ կը նկատուի Կեդրոնական վարչութեան հզօրացման կարեւորագոյն ծրագիրներէն, որուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ առանձին:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- Յիշեցիք, թէ տեղական առումով ալ ծրագիրներ կ՛իրականացուին Գանատայի Շրջանային վարչութեան կողմէ. կրնա՞ք անոնց մասին ալ տեղեկութիւն փոխանցել ընթերցողներուն:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Տեղական առումով, մեր ծրագիրներէն յիշեմ հետեւեալները.
1) Գանատայի տարածքին, հայ վարժարաններու տարեկան յատկացումներ.
2) Համալսարանական 12 հայ ուսանողներու կրթաթոշակ.
3) 2 Մրցանակ երկրորդական աւարտական կարգի աշակերտներու.
4) Հայ Դատի աշխատանքներու զօրակցութիւն.
5) Հայաստանի դեսպանատան զօրակցութիւն եւ տարեկան նիւթական յատկացում.
6) Գրպանի օրացոյց.
7) «Սրտէ-Սիրտ» խմբակցութիւն։
Վերջին երկու ծրագիրները մեր նիւթական եկամուտի կարեւորագոյն աղբիւրները կը նկատուին: Անոնցմով է, որ մեր կրթական օճախներու յատկացումները եւ տասներկու համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակները կ՛ապահովենք:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- Արհեստագիտութեան հետ քայլ կը պահէ Շրջանային վարչութիւնը եւ ունի իր կայքը եւ «Ֆէյսպուք»ի էջը: Ի՞նչ նորութիւններ ունիք այս առումով:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Մեր «Ֆէյսպուք»ը եւ կայքը կանոնաւորապէս կը թարմացուին: Կայքը մօտ օրէն պիտի նորոգուի, առաւել եւս դիւրացնելու համար մեր մասնաճիւղերու ներդրումը: Յիշենք նաեւ, որ առաջին էջին վրայ տեղադրեցինք առցանց նուիրատուութեան դրութիւնը: DONATE NOW կոճակը սեղմելով, նուիրատուին դիւրութիւն կը ստեղծուի իր գտնուած վայրէն նուիրատուութիւն կատարելու Շրջանային վարչութեան զանազան ծրագիրներուն:
Անոնք որոնք կը փափաքին այս դրութենէն օգտուիլ, կրնան այցելել մեր կայքի հետեւեալ հասցէն. www.ars-canada.ca։
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- Գանատայի ՀՕՄը կը նկատուի կնոջական եւ մարդասիրական մեծագոյն կազմակերպութիւններէն մէկը. ի՞նչ է ՀՕՄի առաքելութիւնը եւ գործունէութեան նպատակը:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութիւնը, ինչպէս է նաեւ պարագան բարեսիրական եւ մարդասիրական բոլոր կազմակերպութիւններուն՝ օժանդակել է կարիքաւորներուն եւ ընկերային ծանր պայմաններ դիմագրաւողներուն:
Հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ մանաւանդ ընկերային, կրթական, բարեսիրական եւ առողջապահական մարզերուն մէջ, ՀՕՄը միշտ եղած է տիրական ներկայութիւն: Մէկ դարու պատմութիւնը բաւական է գաղափար մը տալու այս մեծ կազմակերպութեան բազմակողմանի ծրագիրներուն մասին: «Դար մը ամբողջ ծառայութիւն» կարգախօսը կը պարփակէ մեր գործունէութեան լայնածաւալ աշխատանքի ծիրը:
ՀՕՄը աշխոյժ եւ անխոնջ կերպով ծառայած է 27 երկիրներու մէջ եւ արժանապատուօրէն պահած է իր ազգային դիմագիծը: Իսկ Գանատայի շրջանը իր մօտաւորապէս 1200 անդամներուն եւ 10 մասնաճիւղերուն ժրաջան աշխատանքով, այսօր բացառիկ տեղ կը գրաւէ ՀՕՄի աշխարհատարած կառոյցին մէջ: Մեր անդամներու անշահախնդիր նուիրումին եւ մեր առաքելութեան հաւատացող բարերարներու անվերապահ օժանդակութեան կը պարտինք մեր ծրագիրներուն յաջողութիւնները:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- 2018ին, ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ ՀՕՄի շրջանը աջակցեցաւ Երեւանի թիւ 1 հիւանդանոցի Հաշմանդամ զինուորներու վերականգնողական կեդրոնին. ի՞նչ աշխատանք տարուեցաւ այս ուղղութեամբ եւ ի՞նչ կարելի եղաւ իրագործել:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Երեւանի թիւ 1 հիւանդանոցի Հաշմանդամ զինուորներու վերականգնողական կեդրոնը պիտի օգնէ վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են յանուն մեր հայրենիքի պաշտպանութեան՝ անոնց ապահովելով յատուկ խնամք եւ ապաքինման նպաստող բժշկական սարքեր:
Ընդառաջելով Կեդրոնական վարչութենէն ստացած շրջաբերականին, Շրջանային վարչութիւնս կոչ ուղղեց իր մասնաճիւղերուն եւ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը մամուլով անդրադարձաւ վերոնշեալ կեդրոնին հիւանդանոցային սարքով անկողիններ տրամադրելու կարեւորութեան:
Կեդրոնական վարչութիւնը ծրա-գրած էր 50 անկողին ապահովել այս կեդրոնին:
Պէտք է նշել, որ մեր տասը մասնաճիւղերուն ջանքերով եւ այս ծրագիրի կարեւորութեան հաւատացող մեր անդամերուն ու համակիրներուն նուիրատուութեամբ, ՀՕՄի Գանատայի շրջանի 22,100 ամերիկեան տոլարի ներդրումով, հիւանդանոցը օժտուեցաւ 13 ելեկտրական յատուկ սարքաւորում ունեցող անկողիններով. իւրաքանչիւր անկողին ունէր 1700 տոլարի արժողութիւն: ՀՕՄը միշտ հայ զինուորի կողքին է:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- ՀՕՄի գործունէութիւնը միշտ եղած է բեղուն, սակայն ունեցած է նաեւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղած է շարքերը երիտասարդացնելու եւ նոր անդամներ ներգրաւելու հարցը: Այս միջոցին սուրիահայերու ներգաղթը որքանո՞վ սատարեց ՀՕՄի Գանատայի մասնաճիւղերու շարքերու խտացման:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Ինչպէս գիտէք, անդամարշաւը հիմնաքարն է կազմակերպութեան մը, որուն յարատեւումը ուղղակի կախեալ է երիտասարդ նորագիրներու ներգրաւումէն եւ ներդրումէն: ՀՕՄի շարքերը խտացնելու եւ գործունէութեան դաշտը այժմէականացնելու նպատակով՝ Շրջանային վարչութիւնը եւ իր մասնաճիւղերու վարչութիւնները ջանք չեն խնայեր ներգրաւելու մասնագիտացած երիտասարդ տարրը, անոնց վստահելով զիրենք հետաքրքրող ծրագիրներու իրագործումը:
Սուրիահայութեան ներգաղթին վերաբերեալ՝ պատերազմի հետեւանքով Գանատա հաստատուած մեր հայրենակիցները իրենք զիրենք գտան նոր միջավայրի մը մէջ, երկրի օրէնքներուն, սովորութիւններուն եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն բոլորովին անծանօթ: Մեր մեծ թէ փոքր մասնաճիւղերը առաւելագոյն չափով սատարեցին, ոչ միայն անոնց տրամադրելով բնակարանային սարքաւորումներ, ձմեռնային վերարկուներ, այլ նաեւ հայ վարժարան յաճախող սուրիահայ աշակերտներուն ապահովեցին դպրոցական պայուսակներ, դասագիրքեր եւ գրենական պիտոյքներ։
Օժանդակեցին կառավարական փաստաթուղթերու ամբողջացման, ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի դասընթացքներու արձանագրութեան եւ միջոցներ ստեղծեցին յարմարագոյն աշխատանքներ գտնելու:
Վերադառնալով անդամ ներգրաւելու ձեր հարցումին, վարչութիւնները հրաւիրեցին նորահաստատ ընտանիքի մայրեր եւ երիտասարդներ, թէյասեղանի մը շուրջ, իրենց զեկուցելու Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան եւ տեղական թէ համահայկական ծրագիրներուն մասին: Եղան անշուշտ խրախուսուողներ եւ տեղւոյն վրայ արձանագրուողներ, իսկ յետագային, անոնք, որոնք աւելի հանգիստ եւ հաստատուած զգացին, միացան մեր շարքերուն՝ իրենց հետ բերելով նաեւ իրենց մտերիմ բարեկամները եւ հարազատները: Ունեցանք նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամներէն փոխանցագիրներ: Այս նոր անդամները այժմ մաս կը կազմեն իրենց հաստատուած քաղաքներուն՝ Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Լավալի, Վանքուվըրի եւ Քեմպրիճի մեր մասնաճիւղերուն:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- ՀՕՄը վերջերս ծրագիրներ կը մշակէ Հայաստանի կանանց իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր. Գանատայի շրջանը ինչպէ՞ս պիտի սատարէ այս ծրագիրին:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- ՀՕՄը՝ իբրեւ բարեսիրական կանանց կազմակերպութիւն, իր լայնատարած գործելադաշտին մէջ, անշուշտ, պէտք է իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ նաեւ կանանց կարիքներուն, յատկապէս Հայաստանի կանանց իրավիճակի բարելաւման վրայ:
2017ի Պատգամաւորական ժողովը արծարծեց այս նիւթը եւ այժմէական ու անյետաձգելի գտնելով զայն՝ բանաձեւ որդեգրեց, որ Գանատայի շրջանը աշխատանք տանի Հայաստանի կանանց կեանքի բարելաւման կարելիութիւնները սերտելու: Ընթացք տալով այդ բանաձեւին, վարչութիւնս կազմեց յանձնախումբ մը, որ պատրաստեց նախագիծ մը՝ փորձառական ծրագիր մը սկսելու (Pilot project): Ծրագիրի նախագիծը ներկայացուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան. կը սպասենք հաւանութեան, զայն մեր Շրջանային Պատգամաւորական ժողովին ներկայացնելու՝ առ ի վաւերացում:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարած է «Տեսլական 2020» ծրագիրը. ի՞նչ պիտի ըլլայ ՀՕՄի Գանատայի շրջանի ներդրումը:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- ՀՕՄի առաքելութիւնը շարունակելու եւ իր ապագայի ծրագիրները գործադրելու համար, անհրաժեշտ էր ՀՕՄի հիմնադրամի բարգաւաճումը, որ կը միտի կազամակերպութեան նիւթական դժուարութիւններու յաղթահարման եւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան համահայկական բոլոր ծրագիրներուն շարունակման ու զարգացման: Հետեւաբար, Կ. վարչութիւնը յատուկ շրջաբերականով մը իր շրջաններուն եւ անոնց ընդմէջէն մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն նիւթական աջակցութիւնը ուզեց ապահովել: Ասոր առընթեր կազմեց մայր յանձնախումբ մը, որուն հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ յատուկ նախաձեռնութիւններով իրականացնել հիմնադրամին նախատեսուած հինգ միլիոն տոլար թիրախը մինչեւ 2020 թուական:
«ՀՕՄի Տեսլական 2020» ծրագիրի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 2017ին համա-ցանցի վրայ իրականացած համաշխարհային աճուրդով: Բոլոր ցամաքամասերէն նուիրուած առարկաներ դրուեցան աճուրդի, որմէ գոյացաւ 15,000 տոլարի կոկիկ գումար մը: Երկրորդ նախաձեռնութիւնը իւրաքանչիւր անդամի տարեկան 50 ամերիկեան տոլարի յատկացումն է, երեք տարիներու վրայ: 2018ին, Գանատայի շրջանի անդամներուն եւ վարչութիւններուն ներդրումով, ըստ մեր անդամներու թիւին, շուրջ 60,000 ամերիկեան տոլար փոխանցեցինք Կեդրոնական վարչութեան:
Երրորդ նախաձեռնութիւնը Մայքըլ Արամի՝ յատուկ այս ծրագիրին համար պատրաստած յուշապնակներն են, իւրաքանչիւրը 100 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ: Շրջանիս տրամադրուեցան 200 պնակներ, որոնք մեծ մասամբ սպառած են, շնորհիւ մեր մասնաճիւղերուն եւ մայր յանձնախումբին ջանքերուն: Ծրագրումի ընթացքի մէջ է Չորրորդ նախաձեռնութիւնը, որուն մասին մեր վարչութիւններն ու անդամները տեղեակ պիտի պահենք, երբ տուեալները ունենանք:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ.- ՀՕՄը անվարան նեցուկ կը կանգնի մեր ժողովուրդին՝ ի սփիւռս աշխարհի, ապա՝ իր կարգին, ի՞նչ ակնկալութիւն ունի ՀՕՄի Գանատայի Շրջանը գաղութի զաւակներէն:
ԱՆԻ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Ինչպէս յիշեցինք, Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ իր մասնաճիւղերու գործունէութեան դաշտը ընդարձակ է եւ կարիքը ունի բարեացակամ նուիրատուներու եւ բարերարներու նիւթական օժանդակութեան, որ պիտի նպաստէ միութեանս բազմապիսի ծրագիրներու իրականացման:
Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս կը գնահատէ իր անդամներուն եւ համակիրներուն շարունակական նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւնը ՀՕՄի բոլոր ծրագիրներուն: