ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Այսօր կը գտնուիմ Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան համագաղութային հայ վարժարանը. 11 Ապրիլ 2019՝ գեղեցիկ եւ գարնանային օր մը, Ֆրեզնոյի մէջ:
Կազմակերպուած է գիտելիքներու մրցում մը աշակերտներու միջեւ: Այս դպրոցը բացառիկ է, որովհետեւ անիկա համագաղութային է: Անիկա հիմնուած է 1977ին, առաջնորդութեամբ հայր Գուրգէն Եարալեանի: Սկսելով Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներքնայարկը՝ դպրոցը տեղադրուած է երեք այլ վայրերու մէջ: Այսօր, անիկա կը գտնուի քաղաքի հիւսիսային նորակառոյց շրջանի մը մէջ եւ նուիրուած է Չարլի Քէյեանի կողմէ: Դպրոցը այժմ ունի 127 աշակերտներ եւ միջնակարգ դպրոցներու մէջ անիկա շահած է բարձրագոյն մրցանակներ:
Սրահի մուտքին հանդիպեցայ փոխտնօրէնուհի Անահիտ Սալմանեանին, որմէ խնդրեցի տեղեկութիւներ տալ դպրոցին մասին, եւ ան ինծի յանձնեց դպրոցին մասին ծնողներու համար պատրաստուած ուղեցոյցը:
Ձեռնարկը սկսաւ հայերէնի ուսուցչուհի Մարգարիտ Տումանեանի բարի գալուստի խօսքերով:
Աշկերտները աղօթեցին «Տէրունական աղօթք»ը եւ մրցումի խումբերը ներկայացուեցան: Կարմիր խումբի ներկայացուցիչն էր Մարիա Վարդանեան, որ բացատրեց, թէ կարմիր գոյնը կը խորհրհդանշէ հայ ժողովուրդի թափած արիւնը: Կապույտ խումբը կը ներկայացնէր Շեն Տէյզ, որ ըսաւ, թէ կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ խաղաղ երկինքը, իսկ նարնջագոյն խումբը ներկայացուց Գեղարդ Պետրոս, որ, իր կարգին բացատրեց, թէ նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ոսկեգոյն դաշտավայրերը եւ աշխատանքը:
Խորհրդաւոր էր տեսնել աշակերտները շրջապատող պատերուն վրայ մեր բանաստեղծներու նկարները: Ծնողները ուրախ տրամադրութեամբ պատրասուած՝ կը նկարահանէին իրենց զաւակները:
Դատակազմի անդամներ Սրբուհի Մսրլեան, Շանթ Եմէնճեան եւ Լարիսա Ասատուրեան ուշադիր կը հետեւէին մրցումին եւ կը գնահատէին աշակերտները մէկէն հինգ նիշերով: Կարմիր խումբը ներկայացուց «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, «Գինի լից» երգը եւ «Ծաղկաձոր» պարը: Կապոյտ խումբը կատարեց «Խօսք Իմ Որդուն» ոտանաւորը եւ երգեց «Եարխուշտա» երգը եւ պարեց «Արտաշատ» պարը՝ մասնակցութեամբ թմբկահար Յակոբ Յակոբեանի: Իսկ Նարնջագոյն խումբը արտասանեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը եւ երգեց «Տուն Իմ Հայրենի» երգը: Նարնջագոյն խումբը եզրափակեց պարի բաժինը գեղեցիկ պարով մը, որ կը կոչուի «Վեր Վերի պար»՝ ներկայացնելով Եղեռնի 104ամեակը:
Մրցումը շարունակուեցաւ հայոց պատմութեան վերաբերեալ հարցումներով, որոնք պատրաստուած էին ուսուցչուհիներ Մարալ Մարգարեանի եւ Մարգարիտ Տումանեանի կողմէ: Աշակերտները կը մրցակցէին լաւ սերտած յաճախ դժուար եւ բազմակողմանի հարցումներուն:
Մրցումին յաղթեց կապոյտ խումբը՝ չնչին տարբերութեամբ մը: Խումբերու ներկայացուցիչները ստացան խաչեր, իսկ բոլոր կատարողները ստացան աղօթագիրքեր՝ նուիրուած Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ կողմէ: Դպրոցին տարիներու բարեկամ եւ օգնական Սրբուհի Մսրլեան գնահատեց բոլոր մասնակցող աշակերտները, մանաւանդ ժրաջան աշխատող ուսուչուհիները՝ Մարգարիտը եւ Մարալը:
Ահաւասիկ՝ պատկեր մը Ֆրեզնոյի համագաղութային հայ դպրոցի կեանքէն՝ այն դարբնոցէն, որուն վստահուած է հայոց լեզուի ապագան. յաղթական լուր մը Ֆրեզնոյի հայ վարժարանէն՝ մեր գոյապայգարի առաջին պատնէշէն: