ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, 14 Ապրիլին, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիները զարդարուած էին ձիթենիի եւ արմաւենիի դալար ճիւղերով եւ ողողուած բազմահարիւր հաւատացեալներով ու մանուկներով, որոնք եկած էին տօնելու Ծաղկազարդը՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը։
Ծաղկազարդը նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագով եւ մանուկներու թափօրով, իսկ աւարտին կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը ուղղեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան։ Հաւատացեալներուն կողքին արարողութեան ներկայ եղաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան։
Սրբազանը տօնի խանդավառ մթնոլորտի զգացումներով զեղուն իր պատգամը սկսաւ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը կանխող Ղազարոսի յարութեան եւ կոյրերու բժշկութեան, եւ այլ հրաշքներու նշումով եւ շեշտեց, որ այս անգամ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը տարբեր պարագաներու տակ էր եւ յատուկ պատգամ ունէր, որովհետեւ ժամանակը հասած էր, որ յայտնուի որպէս խոստացուած Մեսիան եւ Աստուծոյ Գառնուկը։ Այդ օրը, Յիսուսը դիմաւորողներուն մէջ կային երեք խումբի պատկանող մարդիկ. անոնք, որոնք իր խօսքը լսեցին եւ հետեւեցան իրեն, ուրիշներ, որոնք իր խօսքը խանդավառութեամբ լսեցին սակային չհետեւեցան, իսկ ոմանք, որոնք առաջին վայրկեանէն մերժեցին իր պատգամը մտիկ ընել, ըսաւ առաջնորդը՝ հարց տալով, թէ մենք ո՞ր խումբին կը պատկանինք։
«Ծաղկազարդի տօնը մեզ կը հրաւիրէ, որ փառաբանենք մեր Տէրը, զինք ընդունելով մեր ներաշխարհին մէջ, իբրեւ մեր Տէրն ու Փրկիչը։ Մեր ժողովուրդը դարեր առաջ ըմբռնեց այս խորհուրդը եւ Տէրը ընդունեց իբրեւ Փրկիչը մեր կեանքին։ Այսօր, ո՞ւր ենք մենք, մեր նախնեաց հաւատքին հետ յարաբերաբար։ Երկրորդ՝ այս տօնը հրաւէր կու տայ մեզի, որ միայն մեր ֆիզիքական աչքերով չտեսնենք Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, այլ մեր հոգեւոր աչքերով մեր սիրտերը բանանք եւ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մուտք կը գործէ մեր սեփական Երուսաղէմին՝, մեր սիրտերէն ներս զանոնք մաքրելու համար։ Ի վերջոյ՝ Յիսուս Երուսաղէմ իր յաղթական մուտքով, այսօր մեզ կը հրաւիրէ, որ իր օրինակով եւ գիտակից յանձնառութեամբ ծառայութեան եւ զոհողութեան պատրաստ ըլլանք, որովհետեւ Յիսուս այն թագաւորը չէր, որ Հռոմի զինուորներ պիտի սպաննէր, այլ այն թագաւորը՝ որ մահը իր մահուամբ պիտի զգետնէր», եզրափակեց առաջնորդը։ Ապա, ան հրաւիրեց հաւատացեալները, որ Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ հետեւին, որպէսզի յաղթական հոգիով դիմաւորեն Ս. Յարութեան տօնը։
Պատարագի աւարտին, շրջապատուած մանուկներով, սրբազանը գլխաւորեց աւանդական թափօրը, որուն մաս կազմեցին սարկաւագներ, դպիրներ, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ ու դպրաց դասի անդամներ։ Ան օրհնեց մանուկները, ծնողներն ու հաւատացեալները։
Ապա, առաջնորդը կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւնը, խնդրելով Տիրոջմէ, որ մեր առջեւ բանայ ողորմութեան դռները։ Վարագոյրի բացման կնքահայրն էր փոքրիկն Սեւակ Մանուկեան, որդին Նիկոլ եւ տոքթ. Լին Մանուկեաններու։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը օրհնեց կնքահայրն ու բոլոր մանուկները, եւ յորդորեց բոլոր ծնողներն ու մեծ ծնողները, որ զանոնք առաջնորդեն հաւատքի ճամբով, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը արմատաւորուի անոնց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ։