ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բանջարեղէններուն առողջարար յատկութիւններուն մասին ամէն օր համացանցային էջերը, ծանուցումներն ու բժշկագիտական նորութիւնները ըսելիք ունին մեզի: Մսակերութիւնը նուազագոյն մակարդակի հասցնելու եւ միսին ունեցած յատկութիւններուն համարժէքը բոյսերուն մէջ բաւարար չափով յայտնաբերելու ու անոնցմով սնանելու խորհրդատուութիւնները ողողած են մեր առօրեան: Բժիշկին դիմող հիւանդին տրուող առաջին խորհուրդը նոր սննդականոնի հետեւիլն է, որուն ճաշացուցակէն հետզհետէ կ՛անհետանան կենդանական արտադրութիւն եղող ուտելիքները:
Աշխարհի տարբեր ծայրամասերուն մէջ աճող բանջարեղէններու տեսականիի շարքին իրենց իւրայատուկ տեղն ու համաշխարհայնօրէն ճանչցուած բուժիչ յատկութիւն ունին սոխն ու սխտորը: Ամէնէն անուանի ու մասնագէտ խոհարարին ձեռամբ իսկ պատրաստուած ամէնէն թանկարժէք կերակուրն ալ անպայման պակսող համ մը կ՛ունենայ իր մէջ, եթէ վերոյիշեալ աշխարհահռչակ երկու բանջարեղէններէն մէկը կամ միւսը անոր բաղադրութեան մաս չկազմէ:
Բանջարեղէններու շարքին իրարու հետ միախառնուող, իրարու հետ եփուող կամ պարզապէս միասին ուտուող տեսակներ կան, սակայն «յատկացուցիչ յատկացեալ» ըլլալու մեծագոյն պատիւը բացառապէս վերապահուած է սոխին ու սխտորին: Գրական եւ խօսակցական լեզուի մէջ ալ վերոյիշեալ երկուքին «եղբայրութիւն»ը միշտ հանրածանօթ եղած է, մէկուն յիշուելուն հետ միւսը չմոռնալու պայմանով:
Ակնարկեցինք արդէն, որ վերոյիշեալ բանջարեղէնի երկու տեսակները բուժիչ յատկութիւն ունին եւ առողջարար մեծ ազդեցութիւն մարդկային մարմնին: Անցեալին սովորական ցրտահարութեան իբրեւ դարման ներկայացուող այս տեսակները, որոնք դեղեր առնելու փոխարէն կը յանձնարարուէին պաղառութիւն ունեցողներուն, այսօր նոյն բանջարեղէնները, մանաւանդ սխտորը կը ներկայացուի իբրեւ քաղցկեղի տեսակներու կանխարգելիչ:
Բանջարեղէնի այս երկու տեսակներուն օգտագործումը մանաւանդ քաղաքակիրթ կարգ մը երկիրներու մէջ, միայն ճաշատեսակներու պատրաստութեան համար չէ նախատեսուած: Տեսնուած է, որ անոնցմէ կը պատրաստուին դեղահատեր, երբեմն անոնց հիւթը քամելով մասնաւոր շիշերու մէջ, իբրեւ լուծոյթ կը գործածուի այլ նիւթերու միախառնուած, դարձեալ բժշկական նպատակներու ծառայեցնելով զանոնք: Աւելի անհեթեթ թուացողը այն է, որ երբեմն սոյն բանջարեղէններու հիւթը կը գործածուի քաղցրեղէններ պատրաստելու: Հանդիպած ենք սխտորի պաղպաղակին, որուն մէջ դառնութեան համ բնաւ չկայ, սակայն յիշեալ բոյսը իր բնութիւնը ցոյց տալու համար գէթ իր հոտը պահած է:
Կ՛ըսուի թէ սոխին ու սխտորին քաղցրը չկայ: Երկուքն ալ միշտ իրենց դառնութեան համով կը ներկայանան զիրենք ճաշակողներուն, առաւել կամ նուազ չափով: Այս նոյն պատկերը փոխաբերական իմաստով կը գործածուի որոշ մարդոց նկարագիրը ցոյց տալու, որոնք ի՛նչ կաղապարի մէջ ալ դրուին, ինչպիսի դաստիարակութեան բովէն ալ անցնին, դարձեալ իրենց դառն բնաւորութեամբ պիտի մնան մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ:
Արտաքնապէս եթէ իրարու չեն նմանիր սոխը եւ սխտորը, մէկը՝ իրարու վրայ հագած շերտերով, իսկ միւսը իրարու վրայ կծկուած հատիկներով, սակայն անոնց հասարակաց գիծը, դառնութիւնն է: Կարծէք իւրաքանչիւր տեսակի մասերուն իրարու այնքան սեղմուածութիւնը աւելի՛ կը դառնացնէ անոնց համը, որոնց շերտերն ու հատիկները կը քաջալերեն զիրար, դառնութեան մէջ յարատեւելու որոշումով: Ահա թէ ինչու զանոնք իրարմէ բաժնելն ու անոնց հագած թաղանթաւոր շապիկներէն զանոնք մերկացնելը այնքան ժամանակ կը խլեն խոհանոցին մէջ աշխատողներէն:
Սոխն ու սխտորը խնամիական կապով ալ առնչուած են իրարու: Գրաբար ոսկեղնիկ լեզուով մեր ունեցած առածներէն մէկը կ՛ըսէ. «Նման զնման գտանէ», այսինքն իրարու նման եղողները անպայման զիրար կը գտնեն կեանքի խաչմերուկներէն մէկուն կամ միւսին վրայ: Հեքիաթային պատումներու մէջ շատ տարօրինակ համարուող ամուսնութիւնները անոնք կ՛ըլլային, երբ թագաւորական կամ ազնուական տոհմի պատկանող մը իր կեանքին ընկերը ընտրէր ռամիկներու շարքերէն եւ ամուսնանար բանուորի աղջկան հետ:
Ընկերային կեանքը ինչքան ալ անակնկալներով լեցուն կամ անկանխատեսելի դիպուածներով ականուած ըլլայ, դարձեալ որոշ կանխագուշակումներ կարելի է կատարել ապագայի առումով: Երբ տեսնես տգէտ մը բարձր պաշտօններու տիրացած, գուշակ ըլլալու պէտք չունիս գիտնալու համար թէ անոր «իմաստութիւն»ը ո՞ւր կրնայ հասցնել զայն եւ իր ղեկավարած միջավայրը:
Մեր հասարակաց կեանքին մէջ աւելի՛ վատ դրութիւն կը ստեղծուի, երբ նկարագրային հասարակաց գիծեր ունեցողներ զիրար գտնեն եւ միանան իրարու: Առաջին իսկ հայեացքով ինքնահակասութիւն կը տեսնուի մեր առարկութեան մէջ, սակայն յստակեցման համար՝ բացատրենք մեր միտքը:
Նոյն մակարդակը ունեցողներ պէտք է զիրար գտնեն, աւելորդ ծանրաբեռնուածութենէ ազատելու համար մարդկութիւնը: Ծանօթ մը կ՛ըսէր. «Սոխ ծախողին տղան, սխտոր ծախողին աղջիկը կ՛առնէ»: Յատկացուցիչ յատկացեալ մը եւս կը յայտնաբերուի այս ձեւով: Ուրեմն, իրենց համով, հոտով, իւրայատկութիւններով եւ նոյնիսկ արհեստով իրարու ծանօթները պէտք է մօտենան իրարու եւ գործեն միասնաբար: Միւս կողմէ սակայն, կայ նաեւ այս միութենէն յառաջացող վտանգը: Որովհետեւ եթէ երկու կողմերն ալ, ինչպէս սոխն ու սխտորը դառնահամ են, կրնայ այս միութենէն ծնիլ աւելի թունդ դառնութիւն, որ պիտի ապականէ միջավայրը: Նոյն արդիւնքը չե՞նք տեսներ, երբ երկու չարեր իրարու հետ սերտօրէն գործակցին: Անոնք ինչքան ալ խնամիական կապերով իրարու առնչուած ըլլան, դարձեալ այս միութենէն կը ծնի նոր չարիք մը, աւելի վատ ու աւելի՛ վնասաբեր հաւաքական մեր կեանքին համար:
Շատեր զարմանքով կ՛ընդունին եւ նոյնիսկ զաւեշտական կը համարեն սոխ ծախողին տղուն, սխտոր ծախողին աղջկան հետ ամուսնութիւնը: Ընդհակառակը, պէտք է բախտաւոր նկատենք համայն մարդկութիւնը այս առթիւ եւ շնորհաւորենք միմեանց, որովհետեւ յաւելեալ աշխատանքէ մը ազատած կ՛ըլլան մեզ իրենց առած այդ որոշումով: Այլապէս աւելի ճիգ պիտի թափէինք յայտնաբերելու թէ սոխ ծախողին տղան որո՞ւ հետ ամուսնացած է, ո՞վ է այդ «բախտաւորը» կամ վերջնոյս հարազատները եւ ընդհանրապէս ազգականները ինչպիսի՞ մարդիկ են: Անոնց ապագայ կեանքը միեւնոյն յարկին տակ, խորհուրդ մը պիտի մնար մեզի համար: Սակայն երբ երկու ընտանիքներն ու անոնց կողմէ առաջադրուած ամուսնական զոյգը յստակ է իր անցեալով ու ներկայով, վերիվարոյ անոր ապագան ալ կ՛ուրուագծուի մեր մտապաստառին վրայ:
Չարերու միաւորումէն բարիք ակնկալել զուր է, իսկ բարիներու միաւորումը անպայման բարիք պիտի բերէ մարդկութեան: Թող «սոխ»ն ու «սխտոր»ը իրենց զանազան յատկութիւններով միաւորուին, խնամիական կապերով աւելի սերտ առնչուին իրարու, սակայն իրենց դառնահամ ու լեղի հիւթերը բուժման ու առողջարար գործի ծառայեցնեն, այնպէս ինչպէս բուսական աշխարհի այս երկու բանջարեղէնները, որոնց մասին գովեստով անդրադարձանք մեր ամբողջ գրութեան ընթացքին: Միւս կողմէ սիրայօժար ընդունինք, որ սոխ ծախողին տղան, սխտոր ծախողին աղջկան հետ պէտք է ամուսնանայ: