ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Գանատայի Քինկսթըն քաղաքի «Քուինզ» համալսարանի Ելեկտրոնական եւ Համակարգչային Ճարտարագիտութեան բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Նարեկ Մանճիկեան, Ապրիլ 2019ին ընտրուեցաւ «Տարուան դասախօս»ը (Professor of the year) նշեալ բաժանմունքի 2018-2019 տարեշրջանի երրորդ դասարանի ուսանողութեան կողմէ: Այս գնահատանքին արժանացած է՝ իբրեւ գիտելիքներու հմուտ եւ բացառիկ դաստիարակ:
Նշենք, որ դոկտ. Մանճիկեան նոյնպէս «Տարուան դասախօս»ը ընտրուած էր 2014-2015, 2015-2016 եւ 2017-2018 տարեշրջաններուն:
Դոկտ. Նարեկը շրջանաւարտ է Օնթարիոյի «Ուաթըրլու» համալսարանէն եւ իր դոկտորականի վկայականը ստացած է Թորոնթոյի համալսարանէն (University of Toronto): 1997էն ի վեր կը պաշտօնավարէ «Քուինզ» համալսարանին մէջ, ուր նաեւ ստանձնած է վարչական պաշտօններ, նոյն ժամանակ կը շարունակէ իր հետազօտութիւնները համակարգչային ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ:
Դոկտ. Մանճիկեան համահեղինակ է «Computer Organization and Embedded systems» գիրքի 6րդ վերահրատարակութեան, McGraw Hill հրատարակչական ընկերութեան հրատարակած յայտնի գիտական դասագիրքի մը, որ կ՛օգտագործուի Հիւսիսային Ամերիկայի եւ համաշխարհային զանազան համալսարաններու մէջ: Ան նաեւ հրատարակած է հետազօտական ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ իր ճիւղին վերաբերող յայտնի պարբերականներու մէջ: