
ԱԼԹԱՏԻՆԱ, «Նոր Օր».- Կիրակի, 17 Փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 5էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ Ալթատինա քաղաքի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ազգի հերոսներէն Ռուբէն Հերեանի նուիրուած մեծարանքի ձեռնարկը:
Հայ ազգի պատմութեան մէջ միայն պատերազմիկները եւ ֆետայիները չեն, որ դարձած են յիշարժան: Հայութիւնը ունեցած է նաեւ փրկարար նուիրեալներ, որոնցմէ շատերը, իրենց ճոխ ու փարթամ կեանքի ապրելակերպը զոհած են յանուն ազգին փրկութեան աշխատանքներուն, իրենց լումաներով եւ ֆիզիքապէս ու շատ յաճախ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով:
Ռուբէն Հերեան այդ նուիրեալ ազգայիններէն մին էր, որ կորուստէ փրկեց հազարաւոր հայ որբերու կեանքը Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, 1916էն մինչեւ 1921, անցնելով երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք եւ գիւղէ գիւղ, փնտռելով ամէն մէկ վրանի կամ հիւղի մէջ թաքնուած հայու բեկորներ, զանոնք փրկելով դիւցազնագոյն ջանքերով: Իսկ այսպիսի հերոսներ կը մնան անմոռաց սերունդներէ սերունդ՝ իբրեւ կեանքի փրկարար:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը կազմակերպած էր սոյն գնահատելի ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Ռուբէն Հերեանի կեանքին եւ փրկարար ազգային աշխատանքին:
Հանդիսավարն էր վարչութեան ատենապետ Քարլ Պարտաքեան, որ բարի գալստեան խօսքերէ ետք հրաւիրեց Հայաստանի հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ Քանա Յովհաննիսեանը, որ հիւպատոսարանին կողմէ ներկայացուց ողջոյնի իր խօսքը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Արամ Արքուն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի գործադիր վարիչը եւ օգնական խմբագիրը անգլիատառ «Միրըր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթին:
Մշակութասէր ներկաները, որոնցմէ ոմանց ծնողներուն կեանքը փրկուած էր մեծանուն որբահաւաքին կողմէ, վայելեցին Արամ Արքունի պատմական սահիկներով օժտուած ներկայացումը։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Փաթիլ» պարախումբին երեխաներուն ելոյթով, որուն յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:
