23 Փետրուարին, Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ պատասխանատու ընկերներու հանդիպումը՝ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Ռուսիոյ մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ալպերթ Անդրեանի հետ:
Նախարարը բարձր գնահատեց Հայ Դատի գրասենեակներու հայանպաստ եւ արցախանպաստ գործունէութիւնը աշխարհի առաջատար երկիրներուն մէջ:
Նախարարին եւ ներկայացուցիչին հետ քննարկուեցան գրասենեակին եւ Արցախի ներկայացուցչութեան համագործակցութեան օրակարգը եւ հետագայ գործունէութեան համատեղ ծրագիրը: