ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի կառոյցը իր 121րդ Շրջանային ժողովը գումարեց Շիքակոյի մէջ, 21-24 Փետրուարին, մասնակցութեամբ շրջանի կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամի եւ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ու Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներու:
Ազգային եւ գաղութային առաջադրանքներու ընդարձակ քննարկումէն ետք, ժողովը ձեւաւորեց ու որդեգրեց յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական ուղղութիւնը:
Ժողովը իր աշխատանքները եզրափակեց՝ շրջանի նոր Կեդրոնական կոմիտէի ընտրութեամբ, որ բաղկացած է հետեւեալ ընկերներէն.
Ճորճ Աղճայեան (ներկայացուցիչ, Ուսթըր)
Վալոտ Աթախանեան (Նիւ Եորք)
Սեպուհ Հացագործեան (Տիթրոյիթ)
Սթիւ Մեսրոպեան (Փրովիտընս)
Խաժակ Մկրտիչեան (Պոսթըն)
Ճան Մկրտիչեան (Փրովիտընս)
Անի Չաղլասեան (Նիւ Ճըրզի)։