22էն 26 Մարտ 2019ին, Լիբանան առաջին անգամն ըլլալով կը հիւրընկալէ Թեզէի երիտասարդական հաւաքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Այս ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Լիբանանի եկեղեցիներուն, տեղի կ՛ունենան միջեկեղեցական աղօթքներ:
Առ այդ, Ուրբաթ, 22 Փետրուարին, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքը սոյն աղօթքը կազմակերպեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուր հաւաքուած էին Լիբանանի տարբեր եկեղեցիներէ ժամանած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Թեզէի միաբանութենէն Լիբանան ժամանած հոգեւորականներ: Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ եւ իր աւարտին հասաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ:
Նշենք, որ Թեզէ միաբանութիւնը հաստատուած է Ֆրանսայի նոյն անունով գիւղին մէջ, եղբայր Ռոժէ Շութզի ձեռամբ, 1940ին, եւ իւրայատուկ է իր էքիւմէնիք բնոյթով, որուն շնորհիւ բոլոր յարանուանութիւններէ հոգեւորականներ կրնան անդամակցիլ միաբանութեան: