ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Վիգէն Աւագեանը նշանակեց «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն:
Վիգէն Աւագեան աւար-տած է Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի պատ-մագիտութեան բաժանմունքը, եղած է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնը, դասաւանդած է հայերէնագիտական նիւթեր, հեղինակած է ու խմբագրած ուսումնասիրական բնոյթի հատորներ:
Վերջին շրջանին ան կը վարէր «Վանայ Ձայն»ի յայտագիրներու ընդհանուր պատասխանատուութեան պաշտօնը: