ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Աւստրիա հաստատուած վերլուծական միջազգային հիմնարկի մը գիտնականները այս շաբաթ հրապարակած են նոր հետազօտութիւն մը, որ կը շեշտէ, թէ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ «Արաբական գարնան» յաջորդած զանգուածային արտագաղթը առնուազն մասամբ կապուած էր կլիմայի փոփոխութեան հետ:
Ըստ զեկոյցի հեղինակներուն՝ Սուրիոյ հակամարտութեան պատճառներէն մէկը եղած է անոր նախորդած երաշտն ու ջուրի լուրջ պակասը:
«Մարդիկ չէին կրնար զբաղիլ գիւղատնտեսութեամբ, որուն հետեւանքով սկսաւ արտահոսք գիւղական շրջաններէն դէպի քաղաքներ, որոնք արդէն իսկ մարդաշատ էին: Քաղաքներուն մէջ սահմանափակ միջոցներու եւ սպասարկութեանց համար պայքարը լարուածութիւն ստեղծեց տարբեր խմբաւորումներու միջեւ, հանդիսանալով հակամարտութեան հիմնական պատճառներէն մէկը», կը յայտնէ գիտնականներէն մէկը՝ Արեւելեան Անգլիոյ համալսարանէն Ռայա Մութարաք:
Գիտնականները իրենց եզրակացութեան համար օգտագործած են ապաստարան փնտռողներու եւ հակամարտութեան ընթացքին զոհերու մասին տուեալներ, ինչպէս նաեւ երաշտի ու անձրեւներու մասին տեղեկութիւններ ու բնակչութեան թիւի, ցեղային բազմազանութեան ու ժողովրդավարութեան մակարդակի ցուցանիշներ:
Գիտնականները կ՛ընդգծեն, որ կլիմայի փոփոխութիւնը միշտ չէ, որ բնակչութեան արտահոսքին կամ հակամարտութեան կ՛առաջնորդէ:
«Արտագաղթի վրայ կլիմայական փոփոխութեան ազդեցութիւնը առանձնայատուկ է յստակ ժամանակահատուածի ու երկիրներու համար: Կլիման նպաստած է հակամարտութեան ծաւալման այն երկիրներուն մէջ, որոնց մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակը միջին է», կը նշէ Մութարաք:
Գիտնականները յոյս ունին, որ հետազօտութեան արդիւնքները կը նպաստեն գիտական այն ընդհանուր քննարկման, թէ կլիմայի փոփոխութիւնը ինչպէս կ՛ազդէ մարդոց արտահոսքին վրայ: