
ՊԱՂՏԱՏ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի քայլերը մօտէն հսկել կարենալու համար, Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայան մը պահպանելը կարեւոր է՝ պնդելով, որ «Իրանը իսկական խնդիր մըն է»:
Ըստ Թրամփի՝ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգները կառուցած է «անհաւատալի» ռազմակայան մը, զոր աւելի լաւ պիտի ըլլայ պահել։ «Անիկա շատ յարմար է անկայուն Միջին Արեւելքի ամբողջ կողմերը հսկելու համար, ինչ որ հեռանալէն լաւ է», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Սուրիայէն հեռանալ պատրաստուող ամերիկացի զինուորները Իրաք պիտի հաստատուին, օժանդակելու համար Իսրայէլի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն։
«Ասիկա հարց մըն է, զոր շատեր չեն հասկնար: Մտադիր ենք շարունակելու հսկողութիւնը, որովհետեւ եթէ խնդիրներ յառաջանան կամ մէկը ուզեց հիւլէական զէնք կամ այլ բան արտադրել, այդ բանը կատարելնէն առաջ պիտի գիտնանք», աւելցուց ան:
Իսկ Աֆղանիստանի մասին ան յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը պիտի մնայ Աֆղանիստանի մէջ:
Հակադարձելով Իրաքը իր երկրի նահանգներէն մէկը համարող Թրամփի յայտարարութեան՝ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ յայտնեց, թէ ամերիկեան զօրքերը Իրանի քայլերը հսկելու համար չեն գտնուիր Իրաքի մէջ, այլ անոնց նպատակն է չէզոքացնել «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան վտանգը։
«Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը անակնկալ էր մեզի համար։ Ամերիկեան ուժերը իրաւունքն չունին Իրաքէն հետեւելու Իրանի իրադարձութեանց։ Պիտի չարտօնենք, որ այդ մէկը կատարեն», յայտարարեց Սալեհ։
Միւս կողմէ, Իրաքի «Հըզպալլայի ջոկատներ»ու բանբերը յայտնեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան նպատակը դիմադրութեան առանցքը տկարացնելն է: Ան «Մայատին»ին յայտնեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնը «Իրաքը գրաւելու բացայայտ յայտարարութիւն է»: