ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էրմենիհապեր»ի նախաձեռնած եւ Կարօ Փայլանի նուիրուած՝ «Խորհրդարանի Հայը» խորագիրով հարցազրոյցներու շարքին զրուցակիցներէն մէկն էր քաղաքական յայտնի գործիչ Ուֆուք Ուրաս։
Յիշեցնենք, որ Ուրաս 2007-2011ին երեսփոխան եղած էր եւ Արցախ կատարած այցելութենէն ետք ան առնուած էր Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին մէջ եւ Պաքու նոյնիսկ Թուրքիայէն պահանջած էր իրենց յանձնել Ուրասը՝ որպէս սահմանախախտ։
Ըստ Ուֆուք Ուրասի՝ 301րդ յօդուածը, որուն զոհերէն մէկը եղաւ Հրանդ Տինք, մերթ ընդ մերթ իշխանութիւններուն կողմէ կը գործածուի ընդդիմութիւնը լռեցնելու համար։ Ըստ իրեն՝ եթէ կայ թրքութիւնը վիրաւորող բան մը, այդ ալ ինքնին 301րդ յօդուածի գոյութիւնն է։
Նախկին երեսփոխանը դիտել տուաւ, որ Կարօ Փայլանի դէմ բացուած դատը քաղաքական հետապնդում մըն է։ «Ակնյայտ է, որ այս քայլը ընդդիմութիւնը տկարացնելու եւ «առանց փուշի վարդաստան» ստեղծելու քաղաքականութեան մէկ մասնիկն է», ըսաւ ան։ Ան նաեւ շեշտեց, որ երբ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը կը ջնջուի, անկէ ետք ձերբակալութեան վտանգը Դամոկլեան սուրի պէս կախուած կը մնայ անոնց գլխուն վրայ եւ արդէն իսկ բազմաթիւ երեսփոխաններ ձերբակալուած են։
Ուրաս յայտնեց, յատկապէս Կարօ Փայլանի նման հայ երեսփոխան մը իր հայեացքներուն պատճառով պատժելու քաղաքականութիւնը պէտք չէ լռութեամբ դիմաւորուի միջազգային հանրութեան կողմէ։ Բացի այդ, այն պարագային, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքերը ազատօրէն կը վաճառուին գրախանութներու մէջ, այդ նիւթը խորհրդարանին մէջ քննարկելու դէմ խոչընդոտները կը նմանի ջայլամի քաղաքականութեան։