ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, Բիւրոյի անդամներ Սպարտակ Սէյրանեան, Արսէն Համբարձումեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան Երեքշաբթի, 5 Փետրուարին հիւրընկալուեցան Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի կողմէ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները դեսպանին տեղեկացուցին ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովի, ընդունուած հիմնական որոշումներու, Արցախի հիմնահարցի եւ արտաքին քաղաքական հարցերու վերաբերող կուսակցութեան մօտեցումներուն մասին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ-ռուսական դաշնակցային փոխգործակցութեան յետագայ զարգացման հարցերուն: Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու քննարկման նպատակով պարբերական հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնը: